Ուրուկուէյի Հայերը Կը Փորձեն Կեանքի Կոչել Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանի Կառուցումը
Ուրուկուէյի հայ համայնքը ուղիներ կը փնտռէ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան ստեղծելու համար: Այս մասին կը յայտնէ Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Յակոբ Թապագեան:
Ուրուկուէյի կառավարութիւնը թոյլատրած է թանգարան կառուցել, եւ համայնքը ներկայիս կը փորձէ հայթայթել նիւթական միջոցներ: «Ուրուկուէյի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան կառուցելու գործը ընթացքի մէջ է: Հայ համայնքը միջոցներ կը փնտռէ տարածքի եւ կառուցման աշխատանքներու համար: Հաւանական է, որ դիմենք Ուրուկուէյի կառավարութեան` տարածք տրամադրելու խնդիրով», ըսաւ Յակոբ Թապագեան` նշելով, որ մինչեւ 2015 թուական պիտի փորձեն կեանքի կոչել այդ նախագիծը: