Ասիոյ 2014-ի Ֆութսալի Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանանի Մրցակիցները` Թայլանտ, Թայփէ Եւ Մալեզիա
Նախորդ շաբաթավերջին Վիեթնամի մէջ տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւնը Ասիոյ 2014-ի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 30 ապրիլէն 10 մայիս, Վիեթնամի մէջ:
Լիբանան, որ վիճակաձգութեան ընթացքին մաս կազմեց Գ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Թայլանտը, Թայփէն եւ Մալեզիան:
16 խումբերը բաժնուեցան 4 խմբակի, իւրաքանչիւրը` չորս խումբ:
Լիբանանի սպանացի մարզիչ Փաքօ Արաուժօ շուտով պիտի հրապարակէ իր 24 մարզիկներուն անունները (ներառեալ` 7 բերդապահ), որոնք պիտի սկսին նախապատրաստուիլ վերոնշեալ մրցաշարքին` 2 մարտէն սկսեալ:
Սակայն անոնց թիւը պիտի նուազի, երբ խումբը յատուկ փորձեր կատարէ եւ սկսի իր բանակավայրին:
CATEGORIES Մարզական

