Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Թատամոն – ՀՄԸՄ` 78-75

Թատամոն – ՀՄԸՄ մրցումէն
PROFOTO
Շաբաթ, 22 փետրուար 2014-ին աւարտեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանը, երբ Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Թատամոն – ՀՄԸՄ մրցումը:
ՀՄԸՄ երեք կէտի տարբերութեամբ 78-75 արդիւնքով պարտուեցաւ իր մրցակիցէն (23-20, 42-35, 59-56 ե 78-75):
ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տիոն Տիքսըն (26), ապա անոր խմբակիցներ Թերընս Լիթըր (23) եւ Հայկ Կոքճեան (21), իսկ Թատամոն ամէնէն շատ կէտ նշանակողը հանդիսացաւ Ճերիտ Ֆէյմս (16):
Այսպիսով, Թատամոն ցարդ արձանագրած է 3 յաղթանակ եւ կրած 3 պարտութիւն, մինչ ցարդ միայն մէկ յաղթանակ արձանագրած ՀՄԸՄ կրած է իր 5-րդ պարտութիւնը:
Նշենք, որ երէկ` կիրակի, 23 փետրուարին սկսաւ 7-րդ հանգրուանը, երբ տեղի ունեցան երկու հանդիպումներ:
Սաժես 79-69 արդիւնքով յաղթեց Պիպլոսի, իսկ Մութթահետ` Շանվիլին (94-71):

