Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կարգի դրէք ձեր պաշտօնական-պետական թուղթերը, որպէսզի կարենաք յստակ ձեւով ներկայացնել ձեր պահանջները տուեալ հարցին կարգադրութեան համար: Ոչինչ ձգեցէք պատահականութեան:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Յետաձգեցէք այն ժամադրութիւնը, որ կը վերաբերի առեւտրական գործառնութեան մը: Հարկ է յաւելեալ ժամանակ տրամադրել այս գործառնութեան մանրամասնութիւնները հասկնալու համար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ ունիք թերատի զաւակներ, հետեւեցէք անոնց խնամքին եւ կրթական աշխատանքին, որպէսզի առաւել արժանի ըլլան յաջողութեան: Ձեր ծնողական պարտականութիւնը կատարեցէք լիուլի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Առանձնանալու միտում մի՛ ունենաք, միացէք զուարթ բարեկամներու: Եթէ ունեցած էք ծրագիր մը իրականացնելու դժուարութիւն, խորհրդակցեցէք անոնց հետ` լուծում մը գտնելու համար:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր ունեցած գումարին արժէքը գիտցէք, որովհետեւ պահ դրուած գումարը նեղութեան օրերու համար է: Խոհեմ եղէք, չէք զղջար:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մի՛ մտահոգուիք վաղուան ունենալիք ձեր հանդիպումին համար աստիճանաւոր անձին հետ: Ան պիտի քաջալերէ ձեր աշխատանքը: Շարունակեցէք ձեր ընթացքը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր լսած տեղեկութիւնները հաւաստի չեն, ստուգեցէք վստահելի աղբիւրէ եւ ըստ այնմ անցէք գործի, որ կրնայ ձեր պարտականութիւնը ըլլալ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հոգեւոր հարցեր պիտի հետաքրքրեն ձեզ, ձեր ընթերցանութեամբ պիտի կարենաք նոր լուծումներ որոնել ձեզ հարցերուն մասին: Գիրքերը խորհրդատու բարեկամներ նկատեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Երկարակեացներ կը վկայեն, թէ խոնարհութիւնը եւ նախանձէ հեռու մնալը առողջութիւն կը պարգեւեն: Հետեւեցէք այս իմաստութեան, որպէսզի առողջ մնաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր աշխատանքները պիտի գնահատուին ձեր մեծաւորներուն կողմէ: Ձեր պրպտումները կրնաք զարգացնել յառաջդիմելու համար: Աշխատանքը միշտ կը վարձատրուի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Գլուխ գլխի հանդիպում մը պիտի ունենաք սիրելի անձի մը հետ, որուն նոր ծանօթացած էք: Ձեր բարեկամութիւնը կրնայ շարունակուիլ: Հաւատարիմ եղէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մի՛ տրտնջաք անիմաստ բաներու համար: Կեդրոնացէք լուրջ գործեր կատարելու համար: Շատախօսներէ հեռու մնացէք: Լրջութիւնը միշտ կը գնահատուի:

