Խոսրով Հայոց Թագաւոր Եւ Սահակ Կաթողիկոս` Գահընկէց

ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ

Aypoupen_MinassianԱրշակ թագաւորի մահէն ետք Խոսրով թագաւոր սկսաւ բանակցութիւններ վարել Բիւզանդիոնի Թէոդոսիոս կայսեր հետ` իր իշխանութիւնը ձեւով մը տարածելու համար նաեւ յունական բաժնին վրայ, անշուշտ յարգելով Բիւզանդական կայսրութեան գերիշխանութիւնն ու օրէնքները այդ երկրամասին մէջ: Առ այդ, ան յանձն առաւ Հայաստանի յունական բաժնի հարկերը գանձել եւ փոխանցել Բիւզանդիոն: Թէոդոսիոս կայսր ծանօթ ըլլալով Խոսրովի եւ Սահակ հայրապետի յունասէր հակումներուն` սկզբունքով իր համաձայնութիւնը յայտնեց վարչական այս կարգադրութեան, յուսալով, որ այս կերպով պիտի յաջողէր աստիճանաբար սիրաշահիլ նաեւ պարսկական բաժնի հայերը եւ այդ երկրամասը եւս կցել Բիւզանդական կայսրութեան:

Պարսից արքայ Շապուհ Բ. (307-379) իր հերթին կը հետապնդէր նոյն նպատակը` յօգուտ Պարսկաստանի, այլ խօսքով, իր ազդեցութեան տակ առնել յունական Հայաստանը եւ ի վերջոյ կցել Պարսկաստանին:

Խոսրովի` կայսեր հետ վարած յիշեալ բանակցութիւնները բնականաբար չէին կրնար գաղտնի մնալ: Ղազար Փարպեցի կը վկայէ, որ Արշակունեաց տոհմին տկարացման պատճառով պարսից տիրապետութեան տակ գտնուող հայոց նախարարները սկսան իրենց թագաւորին` Խոսրովի դէմ բամբասանքներով ատելութիւն սերմանել: Խոսրովի դէմ կատարուած բամբասանքները` որպէս թէ ան յունասէր է եւ հաւատարիմ չէ արքայից արքային, ի վերջոյ հասան Շապուհի: Պարսկասէր հայ նախարարները պատուիրակութեամբ գացին Տիզբոն, անձամբ ներկայացան Շապուհի եւ հետեւեալ ամբաստանութիւնները կատարեցին անոր դէմ.

«Թէեւ Խոսրովը քեզ սիրող ու հնազանդ կը ձեւացնէ, սակայն քու նկատմամբ ցոյց տուած բարեկամութիւնը սուտ է ու կեղծ, քանի որ անոր գաղտնի ուխտն ու խորհուրդը յոյներու թագաւորին հետ է, եւ միշտ հրովարտակներով եւ երթեւեկող պատգամաւորներով կը բանակցի անոր հետ խաղաղութեան համար: Թէ դուք ինչպէ՛ս կը հատուցէք զինք` ըստ իր խաբէութեան, ատիկա ձեր գործն է»:

«Պարսից Շապուհ արքան,- կ՛աւելցնէ Փարպեցին,- խնդութեամբ եւ ախորժալուր ունկնդրութեամբ լսելով այս բոլորը` հրամայեց շտապ հրովարտակով Խոսրովը կանչել իր դուռը (Տիզբոն). իսկ Խոսրով անտեղեակ հայ նախարարներու բանսարկութիւններէն, որպէս թէ իր իշխանի եւ բարեկամի մօտ կ՛երթար, շտապ հասաւ արքունիք»*:

Խորենացի նոյն այդ դրուագը տարբեր ձեւով կը ներկայացնէ: Որպէս թէ նախ զայրանալով` յանդուգն կերպով կը պատասխանէ պատգամաւորներուն եւ կը մերժէ Տիզբոն երթալ. մինչեւ իսկ անարգելով զանոնք, ետ կը ղրկէ Պարսկաստան:

Այս յանդուգն կեցուածքը կը ցուցաբերէ` յոյսը դնելով Բիւզանդիոնի կայսեր վրայ: Անկէ կը խնդրէ օգնութեան հասնիլ իրեն` ապստամբելու Շապուհի դէմ, խոստանալով ամբողջ Հայաստանը դնել անոր տիրապետութեան տակ: Սակայն երբ ակնկալուած օգնութիւնը չի հասնիր, պարտաւորուած` կը յօժարի երթալ Տիզբոն:

Մնացեալ պատմութիւնը նոյնն է թէ՛ Փարպեցիի եւ թէ՛ Խորենացիի մօտ: Վռամ Դ. Կրման, որ յաջորդած էր Շապուհի, անմիջապէս կը զրկէ Խոսրովը իր թագաւորութեան իշխանութենէն` առանց զինք հարցաքննելու հայ նախարարներուն առջեւ եւ բանտարկել կու տայ Անյուշ բերդին մէջ: Այնուհետեւ, երբ հայ նախարարները նոր թագաւոր կ՛ուզեն, յարգելով Արշակունեաց տոհմի իրաւունքները, Խոսրովի եղբայրը, որուն անունն էր Պահլաւիկ, փոխելով Վռամշապուհի, կը կարգէ հայոց թագաւոր: Յատկանշելի է, որ Վռամը իր անունն էր, իսկ Շապուհը` իր հօր:

Յիշենք, որ Խոսրովի դէմ կատարուած մեղադրանքներէն մէկն ալ այն էր, որ առանց արքայից արքայի արտօնութեան` Սահակ Պարթեւը կաթողիկոսական աթոռ բարձրացուցած էր եւ հայ նախարարներէն ոմանց կարգած էր զանազան պաշտօններու վրայ: Ուստի, Սահակի կաթողիկոսութիւնն ու Խոսրովի կողմէ կատարուած նախարարական պաշտօնները եւս չեղեալ համարուեցան: Այսուհանդերձ, Սահակին տեղ նոր կաթողիկոս մը չնշանակուեցաւ. այլ խօսքով, յաչս հայ ժողովուրդի` Սահակ շարունակեց համարուիլ Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետը:

Սահակ Կաթողիկոս Տիզբոնի Մէջ

Այս իրադարձութեանց մէջ բնականաբար Սահակ կաթողիկոս անտարբեր չէր կրնար մնալ: Խոսրովի` Բիւզանդիոնի կայսեր հետ ունեցած նամակագրութենէն վստահաբար տեղեակ էր եւ հաւանական է, որ իր բարձր հեղինակութեամբ նաեւ քաջալերողը եղած ըլլայ այդ բանակցութեանց, որպէսզի յաջողութեան պարագային, երկու կայսրութեանց միջեւ բաժնուած հայութեան վրայ մէկ հայոց թագաւորի կամքը իշխէ, թէկուզ սահմանափակուած իրաւասութիւններով: Հիմա որ այդ ծրագիրը չէր յաջողած, Խոսրովի գահընկէցութեան հետ նաեւ իր կաթողիկոսական հանգամանքը խնդրոյ առարկայ դարձած էր, ուստի պէտք էր ելք մը գտնել այդ դժուարին կացութենէն դուրս գալու համար:

Սահակ կաթողիկոս լաւ գիտէր, որ զինք պաշտօնանկ ընել` կը նշանակէ Պարսկաստանի նկատմամբ իր ունեցած հաւատարմութիւնը կասկածի ենթարկել: Ուրեմն պէտք էր օր առաջ վերացնել իր նկատմամբ ցուցաբերուած անվստահութիւնը: Եթէ Հայաստանի` Պարսկական բաժնի հայութիւնը խաղաղ պիտի ապրէր, անհրաժեշտ էր, որ հայոց թագաւորի եւ կաթողիկոսի յարաբերութիւնները Տիզբոնի հետ բարելաւուէին եւ դրուէին փոխադարձ վստահութեան ամուր հիմքերու վրայ: Ահա այդ նպատակով յարմար տեսաւ անձամբ ներկայանալ Վռամ Դ. Կրմանի եւ անհրաժեշտ լուսաբանութիւններն ու հաւատարմութեան երաշխիքը ներկայացնել անոր: Այս առիթով նաեւ ստացաւ Վռամշապուհ հայոց արքայէն յանձնարարական նամակ` իր կատարելիք խնդրանքներու վերաբերեալ:

Իրապէս սպասուածէն շատ աւելի յաջող արդիւնք ունեցաւ Սահակի դէմ առ դէմ հանդիպումը Վռամի հետ: Այս մասին Խորենացին է մեր աղբիւրը*: Սահակ կաթողիկոսի տուած տրամաբանական բացատրութիւնները` յօգուտ Պարսկաստանի շահերուն Հայաստանի վարած քաղաքականութեան մասին, անոր տուած իմաստուն պատասխանները եւ առ հասարակ անոր պատկառելի անձնաւորութիւնը մեծապէս տպաւորեցին Վռամ արքան: Ուստի ցուցաբերուած ընդունելութիւնը շատ դրական էր:

Ինչ կը վերաբերի Սահակ կաթողիկոսին կողմէ կատարուած խնդրանքներուն, առաջին հերթին պետական պաշտօնական ճանաչում շնորհեց անոր կաթողիկոսական պաշտօնին: Երկրորդ` ընթացք տրուեցաւ անոր խնդրանքին, իր փեսային` Համազասպ Մամիկոնեանին կարգելու հայոց բանակի սպարապետ: Այս պաշտօնը թափուր մնացած էր Սահակ Բագրատունիի մահէն ետք: Նաեւ Մամիկոնեան տոհմը` նախարարական նուիրապետական կարգին մէջ բարձրացուց հինգերորդ աստիճանի: Երրորդ` Խոսրով գահընկէց հայոց թագաւորին համար, որ Անյուշ բերդին մէջ դատապարտեալի խիստ պայմաններու մէջ կը պահուէր, թոյլտուութիւն ստացաւ անոր բանտային վիճակը մեղմացնել ու աւելի տանելի վիճակի մէջ պահել: Չորրորդ` ժամանակին պարսկական իշխանութեան դէմ ըմբոստացած Կամսարական եւ Ամատունի իշխաններու ժառանգներուն համար ներում ստացաւ, որպէսզի իրենց հայրերու գործած յանցանքներուն համար այլեւս չպատժուին, քանի որ արդէն իրենց հայրերը նահատակութեամբ պսակած էին իրենց կեանքը: Սահակ կաթողիկոս նաեւ յաջողեցաւ արտօնութիւն ստանալ առ այն, որ Կամսարականներուն եւ Ամատունիներուն պատկանող, սակայն մինչ այդ յարքունիս գրաւուած կալուածները վերադարձուին անոնց ժառանգներուն, որոնք ազգատոհմով աքսորուած ու հալածուած, փախստական եւ թաքնուած կեանք մը կ՛ապրէին:

Բայց այս բոլորին մէջ ամէնէն կարեւորը այն էր, որ Սահակ կաթողիկոս յաջողած էր պարսից արքայի սրտին ու միտքին մէջ վստահութիւն ներշնչել հայոց կաթողիկոսութեան եւ թագաւորութեան նկատմամբ: Ան կրցած էր համոզել պարսից արքունիքը, որ Հայաստանի պարսկական եւ յունական բաժիններու հայութեան միջեւ համերաշխ յարաբերութիւններ պահելը յօգուտ Պարսկաստանի էր. հայոց թագաւորին` Վռամշապուհի եւ հայոց կաթողիկոսին` Սահակի հեղինակութեան ճանաչումը նաեւ յունական բաժնին վրայ օգտակար եւ շահաւէտ էր Պարսկաստանի համար: Այդ հիման վրայ, այժմ արտօնուած էր Վռամշապուհի` Հայաստանի երկու բաժիններու հարկերն ալ գանձել եւ փոխանցել իրենց պատկան տէրերուն:

Այս մասին Օրմանեան կ՛եզրակացնէ. «Սահակի միջնորդութեամբ քաղցրացան յունաց եւ պարսից յարաբերութիւններն ալ, որով երկու արքունիքներուն մէջ տիրած էր խաղաղութիւն, եւ ինչ որ Խոսրովի համար յանցանք նկատուեցաւ, Վռամշապուհի ներուեցաւ ընել, երկոցունց թագաւորաց միանգամայն ծառայել, իւրաքանչիւր բաժնին հարկերը, իրեն հովանաւորին տալով` պարսիցը արքայից արքային, եւ յունացը Բիւզանդիոնի կայսեր: Այդ ամէն յաջողութեանց լրումը պէտք է դնել Վռամշապուհի երկրորդ տարին, 390-ին»*:

Սահակի Տիզբոնէն մեծարանքով եւ պատիւներով յաղթական Հայաստան վերադարձը մեծ ցնծութեամբ ողջունուեցաւ թէ՛ հայոց արքունիքին եւ թէ՛ Հայ եկեղեցւոյ կողմէ: Իր իմաստութեամբ եւ հեղինակութեամբ ան յաջողեր էր ապահովել շարք մը նպաստաւոր պայմաններ` յօգուտ հայութեան ընդհանրական շահերուն: Յատկանշելի է, որ Սահակ կաթողիկոսին շնորհած նոր իրաւասութեանց վերաբերեալ Վռամ պարսից արքայէն հայոց Վռամշապուհ արքային ուղղուած պաշտօնական հրովարտակ մըն ալ ան բերած էր Հայաստան: Ուստի, Սահակ հայրապետին հանդէպ ժողովուրդին մէջ գոյութիւն ունեցող բարի համբաւը, սէրն ու յարգանքը առաւել չափով աճեցան:

Յաջորդող 15 տարիներու ընթացքին Սահակ կաթողիկոս եւ Վռամշապուհ արքայ միասնաբար կրցան ամենայն խոհեմութեամբ կառավարել երկիրը: Հայաստան վայելեց երկարամեայ պատերազմներէ ու տագնապալից անցքերէ ետք, խաղաղութեան եւ բարգաւաճման շրջան մը, որուն շնորհիւ Թարգմանչաց սերունդը միասնական ջանքերով կրցաւ սկիզբը դնել հայոց դպրութեան:

 

(Շար. 3)

 

* Անդ, Դրուագ Ա., Գլ. Ը, էջ 26և29:
* Հատուած Գ., ԾԱ. «Մեծն Ներսէսի Տիզբոն երթալը եւ վերադարձը մեծարանքներով ու պատիւներով»:
* Օրմանեան, «Ազգապատում», Ա. հատոր, Ա. գիրք, թիւ 185:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )