Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ լուծումը կը սկսի ընտրական այնպիսի օրինագիծով մը, որուն մէջ իգական սեռը ներկայացուած ըլլայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Ասիրի խստիւ դատապարտեց լիբանանեան բանակը ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելու արարքները: Ան կոչ ուղղեց վերսկսելու Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի նիստերուն եւ ամրապնդելու լիբանանեան ներքին կեանքը:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը կը հետապնդէ ահաբեկչական խմբաւորումները, յատկապէս անոնք, որոնք կը գտնուին Արսալի մէջ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Քոքոտիի մէջ գրաւեց գողցուած ինքնաշարժ մը, որուն մէջ կը գտնուէին դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած երկու սուրիացիներ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ ներքին թշնամին եւ սահմանին վրայ գտնուող թշնամին մետալի մը երկու երեսները կը ներկայացնեն:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ իրենք համաձայն են Դիմադրութեան գոյութեան, պայմանաւ որ անիկա գործէ լիբանանեան պետութեան եւ բանակին հովանաւորութեամբ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնած է, որ իր ոճը նախկին նախարար Ատնան Մանսուրի ոճէն տարբեր պիտի ըլլայ, սակայն երբեք պիտի չխոցէ Դիմադրութիւնը:

ԱՄԱԼ շարժումի պատասխանատու խորհուրդի անդամ Խալիլ Համտան յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը փաստած է Լիբանանը աղէտներէ փրկելու իր կարողութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES