Ազրպէյճանի Խորհրդարանի Փոխնախագահը Մինսքի Խմբակը «Մեռած» Նկատած Է

AskerovԱզրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահ Զիաֆեթ Ասքերով յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման հարցով զբաղող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը արդիւնք չի տար:

Ազրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահը Մինսքի խմբակը «մեռած» որակած է եւ հարց տուած. «Ի՞նչ է, մենք քսան տարի՞ ալ պիտի սպասենք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման»:

Ան յայտարարած է, որ այդ տագնապի լուծման ժամկէտը կապ ունի Ազրպէյճանի հզօրութեան հետ:

Share this Article
CATEGORIES