Միշել Մըրի Անուան Համալիրի Յանձնախումբին Տարեկան Յատուկ Հանդիսութիւնը

no-1Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Պըրժ Համմամ» ճաշարանին մէջ (Պրումմանա) Միշել Մըրի անուան համալիրին յանձնախումբը, ի մի խմբելով շրջանին յայտնի անձնաւորութիւնները եւ մարզական պատասխանատուները, եկաւ նշելու, որ այս մարզական համալիրը կը պատկանի բոլոր անոնց, որոնք մարզական որեւէ տեսակի ձեռնարկ եւ մրցաշարք կը կազմակերպեն:

Ներկաներուն կարգին էին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Ժըտէյտէի քաղաքապետ Անթուան Ժպարա, շրջանի քաղաքապետեր, յատուկ հրաւիրեալներ եւ կարգ մը մարզական լրագրողներ:

Միշել Մըրի անուան համալիրի յանձնախումբի նախագահ Անթուան Շեհուան ողջունելով ներկաները ըսաւ, որ իրենց տարած աշխատանքին շնորհիւ եւ իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան պատճառով է, որ իրենք երկրորդ նստաշրջանի մը համար դարձեալ վերընտրուեցան:

 

Անթուան Շեհուան PROFOTO

Անթուան Շեհուան
PROFOTO

Share this Article
CATEGORIES