ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՋԱՐԴԵՐՈՒՆ 23-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ
ՍՈՒՐԻԱ
Կազմակերպութեամբ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, հովուապետութեամբ Դամասկոսի հայ առաքելական եւ կաթողիկէ առաջնորդներուն, 27 փետրուարին Դամասկոսի առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման պատարագ` նուիրուած Սումկայիթի ջարդերու 23-րդ տարելիցին, ապա եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան, դեսպանութեան անձնակազմը, Հայաստանի քաղաքացիներ, Դամասկոսի հայ համայնքի մշակութային, կրթական ու մարզական միութիւններու ղեկավարներ եւ բազմաթիւ սուրիահայեր:
ՀԱԼԷՊ
27 փետրուարին Հալէպի Հայ առաքելական Ս. Քառասնից Մանկանց, Ս. Մարիամ Աստուածածին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Գէորգ եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` Սումկայիթի ջարդերուն հայ անմեղ զոհերու յիշատակին:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կրօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Աշոտ Մանուկեան եւ հիւպատոսութեան անձնակազմը:
ՊԵՐԼԻՆ
27 փետրուարի Պերլինի մէջ տեղի ունեցաւ Սումկայիթի զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ:
Ձեռնարկը սկսաւ Հումպոլտի համալսարանին մօտ, ուրկէ մասնակիցները քալելով ուղղուեցան դէպի Պրանտենպուրկեան դարպասներ: Հոն կազմակերպուեցաւ բողոքի ցոյց, որուն ընթացքին բարձրացան Ազրպէյճանի ոճրագործութիւնը դատապարտող պաստառներ, եւ թռուցիկներ բաժնուեցան անցորդներուն:
Այնուհետեւ, Ս. Լուիզեն եկեղեցւոյ մէջ Գերմանիոյ հայ առաքելական եկեղեւոյ առաջնորդ Գարեգին արք. Պեքչեան մատուցեց Ս. պատարագ, որուն յաջորդեց յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւն: Արարողութեան ելոյթ ունեցան Գերմանահայ կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Ազատ Օրդուխանեան, Գերմանիոյ – ԼՂՀ-ի ներկայացուցիչ Յարութիւն Գրիգորեան, Պերլինի հայ եկեղեցական եւ մշակութային միութեան նախագահ Պետրոս Տիքիչեան, Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Մարտիրոսեան: Ձեռնարկի ընթացքին հնչեցին ազգային եւ կրօնական երաժշտական կատարումներ:
Ս. ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿ
27 փետրուարին Ս. Փեթերսպուրկի հայ համայնքը նշեց Սումկայիթի զոհերու տարելիցը: Առաւօտեան եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ: Ներկայ էին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Վարդան Յակոբեան, հիւպատոսութեան աշխատակիցներ, Ս. Փեթերսպուրկի բարձրագոյն զինուորական ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ուսանող հայ սպաներ եւ ունկնդիրներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Պատարագի աւարտին հայ առաքելական եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սումկայիթի զոհերու մասին ժապաւէնի ցուցադրութիւն, որմէ ետք խօսքերով հանդէս եկան Ս. Փեթերսպուրկի եւ Հիւսիս-արեւմտեան տարածաշրջանի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Նշան Պետրոսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Վարդան Յակոբեան, ինչպէս նաեւ` ջարդերը վերապրած անձեր: Ելոյթ ունեցողները, անդրադառնալով Սումկայիթի ոճրագործութիւններուն, զայն անուանեցին ցեղասպանութիւն եւ դատապարտեցին Ազրպէյճանի իշխանութիւններու հայատեաց քաղաքականութիւնը եւ շեշտեցին, որ նմանօրինակ յանցագործութիւնները` ժողովուրդի, ազգի, մարդկութեան դէմ, պէտք է ժամանակին իրենց արժանի պատիժը ստանան համայն մարդկութեան կողմէ:
Այնուհետեւ Ս. Կատարինա հայ առաքելական եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ ցոյց` ի յիշատակ Սումկայիթի ջարդերու զոհերուն: Միեւնոյն ժամանակ հայ երիտասարդները Նեւսկի պողոտային վրայ տեղադրած էին Սումկայիթի ցեղասպանութիւնը դատապարտող պաստառներ` գրաւելով անցորդներուն ուշադրութիւնը:
ՄՈՍԿՈՒԱ
28 փետրուարին Մոսկուայի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տարածքին կանգնած Սումկայիթի զոհերու յիշատակի խաչքարի դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում` ի յիշատակ Սումկայիթի զոհերուն:
Ելոյթ ունեցան Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ թեմի առաջնորդ Եզրաս եպս. Ներսիսեան, որ նշեց, թէ 1988-ին Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցածը հայ ժողովուրդի պատմութեան ողբերգական էջերէն է, եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնն ու մայր Հայաստանը երբեք պիտի չմոռնան կատարուածը:
Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Օլեգ Եսայան իր խօսքը յղեց ներկաներուն` նշելով, որ Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցածը պէտք է որակել որպէս եղեռն` 1915-ի Մեծ եղեռնի շարունակութիւն: Ան շեշտեց, որ ազրպէյճանական իշխանութիւններու վայրագութիւնները չընկճեցին հայերը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումը այլեւս իրականութիւն է:
Ելոյթներու աւարտին ներկաները ծաղկեպսակներ եւ ծաղիկներ զետեղեցին Սումկայիթի նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին առջեւ:
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ
28 փետրուարին Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատի հայկական խումբի համանախագահներու, Ուաշինկթընի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան, Ամերիկայի հայկական համագումարի եւ Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի հետ համատեղ Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսին մէջ կազմակերպեց Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերու զոհերուն յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ:
Ձեռնարկին որպէս հիմնական բանախօս ելոյթ ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործերու նախարար Գէորգի Պետրոսեան:
Այս առիթով ցուցադրուեցաւ փաստավաւերագրական տեսերիզ մը:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի հայկական խումբի դեմոկրատ համանախագահ Ֆրենք Փալոն, որ իր ելոյթին մէջ դատապարտելով Սումկայիթի եւ Պաքուի կոտորածները` զանոնք որակեց ցեղասպանութիւն եւ կոչ ուղղեց` իրենց աջակցութիւնը շարունակել Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի: Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Թաթուլ Մարգարեան իր ելոյթին մէջ շեշտեց կարեւորութիւնը ամերիկեան քոնկրեսականներու բարձր հովանաւորութեան տակ ձեռնարկին կազմակերպման: Դեսպանը ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի հայկական խումբի, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտօնական ներկայացուցիչներու եւ հայկական կազմակերպութիւններու միասնական ջանքերը լաւագոյն գրաւականն են` կանխելու Ազրպէյճանի կողմէն պատմութեան փաստերու վերանայման փորձերը:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Գէորգի Պետրոսեան շեշտեց, որ եթէ սումկայիթեան ողբերգութիւնը ժամանակին դատապարտուէր, թերեւս տեղի չէին ունենար անոր յաջորդած Պաքուի, Գանձակի (Կիրովապատի), Շահումեանի, Մարաղայի եւ այլ հայաբնակ շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած եղեռնագործութիւնները: Ելոյթ ունեցան նաեւ քոնկրեսականներ` Աննա Էշիուն, Էլիոթ Էնկել, Ճեքի Սփիեր եւ ուրիշներ:
ՓԱՐԻԶ
27 փետրուարին Փարիզի Յովհաննէս-Մկրտիչ հայ առաքելական մայր եկեղեցւոյ եւ Ֆրանսայի հայաշատ քաղաքներուն մէջ գործող եկեղեցիներուն մէջ պատարագներ մատուցուեցան Սումկայիթի զոհերու յիշատակին: Փարիզի մէջ, պատարագի աւարտին, թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Երեւանեան պարտէզին յարող հրապարակ, ուր ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Կոմիտասի յուշարձանին դիմաց:
28 փետրուարի երեկոյեան Փարիզի 9-րդ քաղաքապետարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսահայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին նախաձեռնած հանրահաւաքը` նուիրուած Սումկայիթի ջարդերու 23-րդ տարելիցին: Հանրահաւաք-համաժողովի ընդհանուր խորագիրն էր` «Ի զօրակցութիւն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան»:
Ձեռնարկին ելոյթներով հանդէս եկան Ֆրանսահայ ազգային խորհուրդի եւ ՀԲԸՄ Եւրոպայի մասնաճիւղի նախագահ, Իլ-տը Ֆրանս բաժնի ընդհանուր խորհուրդի անդամ Ալեքսի Գովչեան, Ֆրանսահայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան, Հայ դատի Ֆրանսայի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան, Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխաններ եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վիգէն Չիթեչեան:
Հանրահաւաքի ընթացքին ցուցադրուեցաւ Սումկայիթի ողբերգութեան մասին պատմող փաստավաւերագրական տեսերիզ, որուն յաջորդեց սումկայիթեան ջարդերէն հրաշքով ողջ մնացած, ողբերգութեան ականատես-վկայ Վիտալի Դանիէլեանի ելոյթը, որ հրաւիրուած էր ՖԿՀԽ կողմէ: Սրահին մէջ նաեւ սահիկներով կը ցուցադրուէր ջարդերէն նկարներ եւ մամուլի մէջ լոյս տեսած յօդուածներ:
Մասնակցողները հանդէս եկան Ազրպէյճանի քաղաքական ղեկավարութեան ռազմաշունչ յայտարարութիւններու դէմ ուղղուած դատապարտող ելոյթներով: Անոնք նաեւ իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին ԼՂՀի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 20-ամեայ յոբելենական տարուան առիթով ձեռնարկներ կազմակերպելու եւ իրենց վճռակամութիւնը յայտնեցին անհաշտ պայքար մղելու ազրպէյճանական զեղծարարութիւններու դէմ, համախմբուած աշխատանք տանելու ղարաբաղեան հակամարտութեան իրական պատճառներուն եւ հետեւանքներուն վերաբերեալ ֆրանսական իշխանութիւններուն եւ հասարակութեան ճշմարտութիւնը իրազեկելու գործին մէջ:
ԻՏԱԼԻԱ
25 փետրուարին Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդը Մալոյեան մշակութային կեդրոնին մէջ «Զրոյցներ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ» շարքի ծիրին մէջ կազմակերպեց «Ինչո՞ւ պատերազմ. հակամարտութեան ծագման պատճառները, Սումկայիթը, Խոջալուի եւ Մարաղայի դէպքերը» խորագիրը կրող դասախօսութիւնը, որուն յաջորդեց ոգեկոչման արարողութիւնը Ս. Նիկողայոս հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մօտ հրապարակին մէջ տեղադրուած խաչքարի մօտ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին իտալահայեր եւ մեծ թիւով իտալացիներ:
Նույն օրը Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Կարապետեան հարցազրոյց մը տուաւ Վատիկանի «Թելեփաս» հեռատեսիլի կայանէն:
Միլանոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Փիէտրօ Քուչուկեան Սումկայիթի դէպքերու վերաբերեալ դասախօսութիւններ տուաւ Միլանոյի Հայ տան եւ Միլանոյի մշակոյթի տան մէջ:
ԱՐԺԱՆԹԻՆ
27 փետրուարին Պուէնոս Այրեսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ պատարագ, որուն աւարտին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Արժանթինի ու Չիլիի թեմի առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեան կատարեց հոգեհանգստեան արարողութիւն` ի յիշատակ 1988-ին Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցած հայկական ջարդերու անմեղ զոհերուն:
Այնուհետեւ առաջնորդարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն, որուն ընթացքին ձեռնարկին մասնակցող Պուէնոս Այրեսի Հայաստանի դեսպանութեան եւ արժանթինահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները անդրադարձ կատարեցին եւ դատապարտեցին 23 տարի առաջ տեղի ունեցած արիւնալի իրադարձութիւնները: Ելոյթ ունեցան Հայաստանի դեսպան Վլատիմիր Կարմիրշալեան եւ արժանթինահայ յայտնի մտաւորական Պետրոս Հաճեան:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ