«Կոչ Կ՛ուղղենք Կառչած Չմնալու Փայտեայ Եւ Անշարժ Տարազներու, Որոնք Կը Խոչընդոտեն Աշխատանքային Ծրագիրին Մշակումը» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Նախագահ Սլէյման
Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ տեղի ունեցող «Հողս ապագայ կը խոստանայ» խորհրդաժողովին բացման արարողութեան ընթացքին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ հող, ժողովուրդ եւ լիբանանեան միացեալ արժէքներ եռեակ ոսկեայ տարազը Լիբանանի գոյատեւումը ապահովող իսկական տարազն է, ինչպէս նաեւ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը նկատեց Ազգային ուխտին համազօր փաստաթուղթ մը, որ կառավարութեան աշխատանքային բոլոր ծրագիրները կը գերազանցէ:
«Կոչ կ՛ուղղենք կառչած չմնալու փայտեայ եւ անշարժ տարազներու, որոնք կը խոչընդոտեն կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումը», ըսաւ նախագահ Սլէյման:
Ան յայտնեց, որ օրէնքի միասնականութիւնն ու հաւասարակշռուած բարգաւաճումը կարելի կ՛ըլլայ պահպանել միայն պետական հաստատութիւններուն ընդմէջէն, «իսկ պետական հաստատութիւնները իրենց տալիք որոշումներուն եւ իրագործումներուն մէջ ոչ մէկ գործընկեր կրնան ունենալ, ըլլան անոնք քաղաքական թէ զինուորական»:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն տունդարձին համար միջոցներ ապահովելու` նկատի ունենալով, որ անոնք լիբանանեան հողին եւ բնական հարստութիւններուն վտանգ կը սպառնան:
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է զգուշ ըլլալ լիբանանեան հողերը օտարներուն վաճառելու իրականութենէն եւ մերժել Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը:
Նախագահ Սլէյման նաեւ անհրաժեշտ նկատեց սահմանադրական ժամկէտներու յարգումն ու երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը:

