ՀՅԴ-ի Կեցուածքը Օճալանի Նամակին Նկատմամբ` Ողջունելի, Բայց Լուրջ Վերապահումներով

Ձախէն` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահէտտին Տեմիրթաշ եւ նոյն կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու, Վանէն ընտրուած Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Նազմի Կիւր, Հայ դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակին մէջ, 29 հոկտեմբեր 2013:

Ձախէն` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահէտտին Տեմիրթաշ եւ նոյն կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու, Վանէն ընտրուած Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Նազմի Կիւր, Հայ դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակին մէջ, 29 հոկտեմբեր 2013:

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանի լրագրողը դիմեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին հետեւեալ հարցադրումներով.

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Մօտ չորս շաբաթ առաջ հրապարակուեցաւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդ Ապտիւլլա Օճալանի նամակը` Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցին առիթով. անիկա նախ հրատարակուեցաւ Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ: ՀՅԴ-ն ցարդ պաշտօնապէս չարձագանգեց այդ նամակին. այս նամակին մասին ի՞նչ է կուսակցութեան կեցուածքը:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Նախ ըսեմ, որ Օճալանի նամակը նախատեսուածէն ուշ հրապարակուեցաւ, ենթադրաբար` որովհետեւ պէտք է անցնէր թրքական համապատասխան կառոյցներու բովէն: Հրապարակումէն մօտ քսան օր առաջ, Օճալան «մինչեւ Հրանդին սպանութեան տարելիցի օրը», այսինքն` 19 յունուար, «մեր հայ հայրենակիցներուն ուղղուած» նման նամակ մը գրելու մասին արդէն հրապարակում կատարած էր: Այդ ճիշդ այն օրերուն էր, երբ Օճալանի գլխաւորած մէկ կազմակերպութեան` Քիւրտիստանի համայնքներու միութեան համանախագահ Պեսսէ Խոզաթ խնդրայարոյց յայտարարութիւն կատարած էր հայութեան մասին: Օճալան, արձագանգելով Խոզաթի ըսածներուն նկատմամբ ստեղծուած ընդվզումին, ըսած էր, թէ հայերը համոզելու համար պիտի գրէ իր նամակը: Օճալանի նամակը, սակայն, յստակ կերպով անհրաժեշտ սրբագրութիւնը չի կատարեր:

Հ.- Այսինքն, դժգո՞հ էք նամակէն:

Պ.- Ողջունելի է այն փաստը, որ քիւրտ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի բանտարկուած առաջնորդը` Աբոն հայութեան ուղղուած նամակ գրած է: Պէտք է անպայման նկատի ունենալ այն հանգամանքները, իր բառերով` «դժուար պայմաններ»-ը, որոնց մէջ կը գտնուի Օճալանը եւ նամակին բովանդակութիւնը ըստ այդմ պէտք է հասկնալ, արժեւորել: Ուրախ ենք, որ Օճալան անգամ մը եւս Հայոց ցեղասպանութեան ճիշդ բնորոշումը կու տայ եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան համար այս ցաւոտ պատմութեան հետ առերեսումը անխուսափելի կը նկատէ:

Ինչ որ անհասկնալի է Օճալանի նամակին մէջ, յղումներն են «լոպիներու» եւ «համայնքանման կառոյցներու»: Հայութեան ուղղուած նամակի մը մէջ այս յղումները առնուազն շփոթմունք կը ստեղծեն` արդեօ՞ք խօսքը սփիւռքի հայկական համայնքային կառոյցներու եւ լոպիներու մասին է: Մանաւանդ` երբ Օճալան հայ ժողովուրդին կ՛առաջարկէ, որ «առանց ցեղապաշտ-ազգայնական թակարդներու մէջ իյնալու շարունակէ իր պայքարը» եւ այդ բոլորին «դէմ զգուշութեան, յստակ դիտարկումով մը խնդիրը քննարկելու կը հրաւիրէ»: Սփիւռքի թէ Թուրքիոյ մէջ հայկական լոպիներու մասին բացասական արտայայտութիւն կար նաեւ Խոզաթի ըսածին մէջ, եւ ըսած ըլլալու վերագրում` մօտ մէկ տարի առաջ, նոյնինքն Օճալանին: Սփիւռքի մէջ «հայկական լոպի» կոչուածը հայութեան ժողովրդային լայն խաւերու կամքը արտայայտող գործունեայ կառոյցներ են:

Չեմ անդրադառնար նաեւ նամակին մէջ արտայայտուած եւ կամ չարտայայտուած մտքերու մասին արժեւորումներուն եւ քննադատութիւններուն, որոնք տեղ գտան հայկական լրատուամիջոցներու մէջ: Այս բոլորէն անկախ, մենք, մեղմ ըսած` խիստ վերապահ ենք Աբոյի ակնարկած Թուրքիոյ հեռանկարին նկատմամբ, թէ` ան կրնայ ըլլալ «ժողովրդավարութեամբ պսակադրուած հանրապետութիւն մը, [որ] թէ՛ պիտի յաջողի անցեալի հետ հաշտուելու եւ թէ՛ բոլոր տարբեր ինքնութիւններուն ազատապէս ապրած հանրապետութիւն մը դառնալու»:

Յամենայն դէպս, կը կրկնեմ, որ այս կոչը ինքնին, որքան ալ պակասաւոր կամ նոյնիսկ հակասական մտքերով խճողուած, ողջունելի է իբրեւ քայլ մը, որ կրնայ ճամբայ հարթել հայ-քիւրտ յարաբերութիւններու զարգացման: Այդ յարաբերութիւնները անշուշտ պէտք է խարսխուին նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայութեան իրաւունքներուն նկատմամբ արդարութեան վրայ` իբրեւ գրաւական իսկական ժողովրդավարութեան եւ համահաւասար իրաւունքներու հաստատման:

ՀՅԴ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES