ԷՐՏՈՂԱՆ ՔԱԹԱՐԻ ԻՇԽԱՆԻՆ ԿԸ ԳԱՆԳԱՏԻ «ԺԱԶԻՐԱ» ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ԿԱՅԱՆԷՆ

Քաթարի իշխանը եւ Էրտողան

Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Քաթարի իշխանին հետ ուրբաթ օրուան իր  հանդիպումին ընթացքին գանգատած է Լիպիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ քաղաքականութեան մասին «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի լրատուութենէն: «Մենք անհանգստացանք Թուրքիոյ մասին «Ժազիրա»ի լրատուութենէն: Չենք կրնար հասկնալ, թէ ինչո՛ւ Թուրքիոյ դէմ թշնամական այս կեցուածքը կայ», ըսած է Էրտողան:

«Ժազիրա» հինգշաբթի օր հաղորդած եւ ցոյց տուած էր, որ Արեւմտեան Լիպիոյ Նաֆուսա քաղաքին մէջ Քազզաֆիի ուժերուն պատկանող լքեալ երեք զօրանոցներու մէջ թրքական զինուորական սննդամթերքի տուփիկներ գտած է: Այսպիսով, ի յայտ եկած էր, որ Թուրքիա խախտած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Լիպիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները: Նշենք, որ Թուրքիա անդամ է ՕԹԱՆ-ի, որ լիպիական ուժերուն դէմ զինուորական գործողութիւններ կը կատարէ:

«Ժազիրա» հարցականի տակ առած է նաեւ Լիպիոյ ըմբոստներուն օժանդակելու թրքական առաջարկները:

Share this Article
CATEGORIES