ՈՒՈԼԱՆՏԸՐ ԲԱՐՁՐ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ՀԱՅ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀՆԵՐՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Եւրասիոյ հարցերով փոխտեղակալ Մելեսթ Ուոլանտըրը:

Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպման ժամանակ քննարկուած են երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Կողմերը արձանագրեցին, որ հայ-ամերիկեան զինուորական համագործակցութիւնը յաջողութեամբ կը զարգանայ երկկողմանի ձեւաչափով, ինչպէս նաեւ ՕԹԱՆ-ի ծիրին մէջ:

Կարեւոր նկատելով միջազգային խաղաղապահ գործողութիւններուն Հայաստանի մասնակցութիւնը` Սելեսթ Ուոլանտըր բարձր գնահատեց հայ խաղաղապահներու առաքելութիւնը Աֆղանիստանի մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պատրաստակամութիւնը աֆղանական ապահովութեան ուժերու ուսուցման եւ վերաորակաւորման աշխատանքներուն մասնակցելու: Փենթակոնի բարձրաստիճան պաշտօնեան վստահեցուց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն աջակցիլ խաղաղապահութեան, ռազմակրթութեան եւ պաշտպանական բարեփոխումներուն ուղղութեամբ Հայաստանի ջանքերուն:

Նախարար Սէյրան Օհանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան ռազմավարական վերանայման աշխատանքներուն մէջ Միացեալ Նահանգներու ցուցաբերած մասնագիտական օժանդակութեան համար:

Միտքեր փոխանակուեցան նաեւ շրջանային ապահովութեան խնդիրներուն, մասնաւորաբար` Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին վերաբերեալ:

Օհանեան նշեց, որ Հայաստան` շեշտելով ղարաբաղեան հարցի խաղաղ ճամբով լուծման կարեւորութիւնը, խիստ կերպով կը պահպանէ զինադադարի դրութիւնը եւ որեւէ շահագրգռութիւն չունի հայկական եւ ազրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին վրայ իրադրութիւնը սրելու հարցին մէջ: Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ ազրպէյճանական կողմը զինադադարի պահպանման հարցին մէջ չի դրսեւորեր նոյն պատրաստակամութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք պարբերաբար կ՛արձանագրուին զինադադարի խախտման դէպքեր:

Նալբանդեան-Սելեսթ Ուոլանտըր

Հայաստանի  արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ նոյնպէս ընդունեց Սելեսթ Ուոլանտըրը:

Ողջունելով հիւրը` Էդուարդ Նալբանդեան բարձր գնահատեց Հայաստան – Միացեալ Նահանգներ գործընկերային յարաբերութիւնները` վստահութիւն յայտնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ ծաւալած համագործակցութիւնը աւելի պիտի ընդլայնի:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան քարտուղարի փոխտեղակալը իր կարգին գոհունակութիւն յայտնեց ուժական կերպով զարգացող հայ-ամերիկեան փոխադարձ յարաբերութիւններուն գծով:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին հայ-ամերիկեան օրակարգային հարցերուն շուրջ, անդրադարձան Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանին տրամադրուող զինուորական օժանդակութեան, Հայաստան-ՕԹԱՆ համագործակցութեան եւ այդ ձեւաչափին մէջ իրականացուող աշխատանքներուն:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձան Հայաստանի մասնակցութեամբ միջազգային հանրութեան կողմէ իրականացուող խաղաղապահ գործողութիւններուն: Այդ ծիրին մէջ Ս. Ուոլանտըր բարձր գնահատեց Աֆղանիստանի մէջ հայ խաղաղապահներու թիւի եռապատկումը:

Զրուցակիցները քննարկեցին շրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր:

Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին շուրջ տեղի ունեցող զարգացումները, Քազանի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի վեհաժողովին արդիւնքները: Այս ծիրին մէջ նախարար Նալբանդեան ընդգծեց, որ Քազանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին յառաջընթաց չարձանագրուեցաւ, որովհետեւ հակառակ միջնորդ երկիրներու ղեկավարներուն եւ միջազգային հանրութեան կոչերուն եւ ակնկալիքներուն, Ազրպէյճան պատրաստ չեղաւ ընդունելու եռանախագահներուն կողմէ առաջարկուած հիմնարար սկզբունքներուն վերջին տարբերակը` ներկայացնելով տասնեակ մը փոփոխութիւններ:

Share this Article
CATEGORIES