Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Դաշտանադադարը Եւ Անոր Հետեւանքները» Նիւթով Դասախօսութիւն
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի Նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 5 մարտ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դաշտանադադարը եւ անոր հետեւանքները» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց կնոջական հիւանդութիւններու մասնագէտ տոքթ Ուալիտ Ղանթուս:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Շաքէ Բարմաքսզեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ ծննդաբերական գործարանները, ծննդաբերութիւնը, ունին մեծ նշանակութիւն, որ նախ եւ առաջ կը ներկայանայ նորածինի ծնունդով, որ Աստուծոյ պարգեւն է` մարդ արարածին շնորհուած, բայց երկրորդ, անհատը պէտք է իրազեկ ըլլայ այս գործարաններու տարբեր մակարդակի խանգարումներուն, բորբոքումներուն, որոնք ունին իրենց հետեւանքները: Այս բոլորը դիմագրաւելու համար, անհրաժեշտ է հերթաբար դիմել մասնագէտ բժիշկի, ախտաճանաչման ու բուժման:
Տոքթ. Ուալիտ Ղանթուս դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով դաշտանադադարը, թէ այդ տեղի կ՛ունենայ 48 տարեկանին (առաւել կամ նուազ` հինգ տարիներու): 50 տարիքը կարելի է նկատել միջինը դաշտանադադարին:
Նախքան դաշտանադադարը եւ դաշտանադադարէն ետք տեղի կ՛ունենան տարբեր մակարդակի փոփոխութիւններ, որոնք ժխտականօրէն կ՛ազդեն կնոջ Ֆիզիքական եւ հոգեկան կեանքին վրայ: Գլխաւոր ախտանշաններէն կարելի է թուել քրտինքը, կեդրոնացումի դժուարութիւնը, կարճ յիշողութեան խանգարումը եւ այլն:
Վերոյիշեալ ախտանշանները կարելի է բուժել նախ եւ առաջ շատ պարզ դեղերով, եթէ անոնք տակաւին շարունակուին, տարբեր մակարդակի բուժումներով, դեղերով կարելի է նուազեցնել, բուժել զանոնք:
Այս հանգրուանին պէտք է զգուշանալ հորմոններով բուժում ստանալէ:
Յաջորդ բաժինով տոքթ. Ուալիտ Ղանթուս խօսեցաւ ոսկորափտութեան մասին: Ոսկորափտութիւնը կը սկսի նախքան դաշտանադադարը եւ կը շարունակուի դաշտանադադարէն ետք: Կնոջական հորմոններու աստիճանական փոփոխութեան իբրեւ արդիւնք ոսկորները կը դառնան աւելի դիւրաբեկ, յատկապէս ողնաշարի ու կոնքի ոսկորները: Դասախօսը թելադրեց ներկաներուն անպայման իրենց սննդականոնին մէջ ունենալ քալսիոմ պարունակող ուտելիքներ, նուազեցնելով սուրճի, ծխախոտի գործածութիւնը: Հերթականօրէն կատարել արեան քննութիւններ ճշդելու տարբեր իւղերու, աղերու, շաքարի, լեարդի քննութիւններու արդիւնքները հակակշռի տակ պահելով բոլորը:
Շարունակելով դասախօսը շեշտեց երկու քննութիւններու անհրաժեշտութիւնը
ա.- Մամոկրաֆիի` կուրծքի / ստինքներու քննութիւնը, որ անհատը պէտք է 40 տարեկանէն ետք երկու կամ երեք տարին անգամ մը կատարէ:
բ.- Փափ սմիրը` ապակեայ քննութիւնը, յատուկ արգանդի վզիկի քննութիւնը կատարելու տարին մէկ անգամ` հետեւելու վզիկի քաղցկեղի որեւէ յայտնաբերման:
Խօսելով արիւնահոսութեան մասին` դասախօսը նշեց, որ նախքան դաշտանադադարը անկանոն ձեւով կ՛ընթանայ ու դաշտանադադարի ընթացքին կը շարունակուի այս երեւոյթը: Երբ մինչեւ մէկ տարի արիւնահոսութիւն տեղի չ՛ունենար, ահա անհատը հասած կ՛ըլլայ դաշտանադադարի:
Վերջին բաժինով տոքթ. Ուալիտ Ղանթուս խօսեցաւ միզամանի եւ արգանդի վար իջնելու երեւոյթին մասին, յատկապէս այն կիններուն մօտ, որոնք ծննդաբերութիւն ունեցած են:
Աւարտին տոքթորը զանազան օրինակներով ու լուսաբանութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

