Ճափոնցի Հայագէտ Թաքայուքի Եոշիմուրա Այցելեց «Ազդակ»

DSC09167Երէկ «Ազդակ» այցելեց Թոքիոյի օտար լեզուներու համալսարանի Ասիոյ եւ Ափրիկէի լեզուներու եւ մշակոյթներու հիմնարկի կրտսեր գիտաշխատող, ճափոնցի յայտնի հայագէտ Թաքայուքի Եոշիմուրա:

Թաքայուքի Եոշիմուրա հայոց լեզու ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ 2001-2003, ան ճափոնցի այն հմուտ գիտաշխատողներէն մէկն է, որ սահուն կերպով կը գրէ եւ կը խօսի արեւելահայերէն, ինչպէս նաեւ որոշ չափով ծանօթ է արեւմտահայերէնին` շնորհիւ մնայուն կերպով Պէյրութ կատարած այցելութիւններուն եւ հայ մշակոյթին ու գրականութեան հետ իր շփումին:

Եոշիմուրայի հետ մեր զրոյցին ընթացքին ան խօսեցաւ իր ծրագիրներուն մասին: Ան առաջին անգամ ըլլալով Ճափոնի մէջ գրած է արեւելահայերէնի դասագիրք, որ լոյս պիտի տեսնէ այս կամ յառաջիկայ տարի: Դասագիրքը գրուած է միայն ճափոներէնով եւ նախատեսուած է բոլոր այն ճափոնցիներուն համար, որոնք հետաքրքրուած են հայոց լեզուով եւ մշակոյթով:

Թաքայուքի Եոշիմուրա ժամանակակից հայոց պատմութիւն կը դասաւանդէ Թոքիոյի օտար լեզուներու համալսարանի Ասիոյ եւ Ափրիկէի լեզուներու եւ մշակոյթներու հիմնարկին մէջ: Անցեալ տարի Ճափոնի մէջ առաջին անգամ ըլլալով նշեալ հիմնարկին մէջ կազմակերպուեցաւ հայոց լեզուի խտացեալ դասընթացք, զոր կը վարէ Թաքայուքի Եոշիմուրա:

 

Share this Article
CATEGORIES