Պըրրի. «Եթէ Կարգ Մը Քաղաքական Կողմեր Ճկուն Վարուին` Աշխատանքային Ծրագիրը Մշակելու Իմաստով, Մենք Յաւելեալ Ճկունութիւն Պիտի Ցուցաբերենք»

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակելու ընթացքին եթէ կարգ մը քաղաքական կողմեր ճկուն վարուին, ապա իրենք յաւելեալ ճկունութիւն պիտի ցուցաբերեն` դիւրացնելու համար այդ ծրագիրին վաւերացումը:

«Բայց եւ այնպէս, մենք անշեղ կը մնանք Դիմադրութեան հարցին գծով, որովհետեւ անիկա սկզբունքային է եւ ոչ թէ մարտավարական: Այդ մասին միջազգային ուխտերուն հիման վրայ ճանաչում գոյութիւն ունի», ըսաւ Պըրրի եւ ներկայ երեսփոխաններուն յանձնեց փաստաթուղթեր, որոնք կը փաստեն  բռնագրաւումին դէմ զինեալ պայքարի օրինականութիւնը ընդունող ՄԱԿ-ի կեցուածքները:

Պըրրի ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ ամէնօրեայ դրութեամբ թշնամի Իսրայէլի գործած ոտնձգութիւնները ոչ ոքի ուշադրութիւնը կը գրաւեն:

Ան հաստատեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է պաշտպանել Լիբանանը եւ անոր գերիշխանութիւնը` աւելցնելով, որ իրենց բնական հարստութիւնը կարիքը ունի կառչած մնալու ուժային ազդակներուն, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան եւ բանակի իրաւունքին:

 

Share this Article
CATEGORIES