«ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԷՆ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՆՔ ԵՒ ՄԵՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՈՎ ՊԻՏԻ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԵՆՔ ՆԱԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԷՆ» ԸՆԴԳԾԵՑ ՓԱՆՈՍ ՄԱՆՃԵԱՆ

Պետական նախարար Փանոս Մանճեան «Պինա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ նորակազմ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը շուտով պիտի մշակուի եւ այդ ծրագիրին հիման վրայ է, որ կառավարութիւնը պիտի ստանայ խորհրդարանի վստահութեան քուէն:

Փ. Մանճեան շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը պիտի ենթարկուի նախարարական ու խորհրդարանական քննարկումներու եւ անոր վաւերացման նպատակով քուէարկութիւն պիտի կատարուի ու ի վերջոյ կառավարութիւնը վստահութեան այդ քուէն պիտի ստանայ: Ան աւելցուց սակայն, որ կառավարութեան համար բաւարար չէ ստանալ խորհրդարանի վստահութեան քուէն, եւ այդ իսկ պատճառով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնը միակամ պիտի գործէ` երաշխաւորելու համար նաեւ լիբանանցիներուն վստահութեան քուէն:

Փ. Մանճեան մերժեց կառավարութեան տրուած այն որակումները, թէ անիկա Հըզպալլայի կամ Սուրիոյ կառավարութիւնն է` աւելցնելով, որ Դիմադրութեան զէնքը կ՛երաշխաւորէ Լիբանանի ապահովութիւնը` նկատել տալով միաժամանակ, որ միջազգային երաշխիքներուն հետ Լիբանանի փորձառութիւնը քաջալերական չէ եղած: «Հետեւաբար` Դիմադրութեան ապազինումը քննարկումի հարց չէ», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին արձակելիք նախնական ամբաստանութեան` Փ. Մանճեան հաստատեց, որ այդ ամբաստանութեան արձակման պարագային կառավարութիւնը յարմար եւ անհրաժեշտ որոշումը պիտի տայ:

Միւս կողմէ, նախարար Մանճեան շեշտեց, որ Սուրիոյ վկայած ներկայ տագնապալի իրավիճակը հետեւանք է արտաքին գաղտնի սպասարկութիւններուն նիւթած դաւադրութեան, որ ի յայտ կու գայ «բարեկարգում» պիտակին տակ, սակայն խորքին մէջ  կը միտի քանդել երկիրը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES