Հաղորդագրութիւն
Ապրիլ 2013-ին Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան աշխատանքային այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր այցելեց գործող հայկական վարժարաններն ու կրթական հաստատութիւնները, ծանօթացաւ անոնց գործունէութեան եւ տեսակցեցաւ կրթական պատասխանատուներուն հետ: Այս հանդիպումներէն ետք, երբ կը մշակուէր Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին հնգամեայ ծրագիրը, կարիքը զգացուեցաւ մասնագիտական ուսումնասիրութիւն մը կատարելու Լիբանանի հայկական վարժարաններուն մասին. ծրագիր մը, որ իրականացաւ շնորհիւ մանկավարժ դոկտ. Հուրիկ Ադդարեանի ջանքերուն: Դոկտ. Ադդարեան իր կարգին անցնող ամիսներուն գործուղուեցաւ Լիբանան, ուր հայկական վարժարաններուն մէջ եւ հանդիպումներու շարքով մը իր տեղեկահաւաքը ամբողջացնելէ ետք, իր ուսումնասիրութիւնը ամփոփեց «Դպրոցները եւ կրթութիւնը լիբանանահայ համայնքին մէջ. ուսուցում, ուսումնառութիւն, գործելաոճ. նոր մշակոյթի մը անհրաժեշտութիւնը» խորագրեալ համապարփակ տեղեկագիրին մէջ: Սոյն տեղեկագիրին հրատարակման առիթով 10-14 մարտ 2014-ին դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանն ու դոկտ. Հուրիկ Ադդարեանը կը վերադառնան Լիբանան` միասնաբար տարբեր ձեւաչափերով հանդիպումներ ունենալու լիբանանահայ համայնքի ուսումնական եւ կրթական մարզի ներկայացուցիչներուն հետ, տեղեկագիրը ներկայացնելու համար:
Լիբանանահայ դպրոցներու մասին այս տեղեկագիրին հրապարակման զուգահեռ, դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան հանրութեան պիտի ներկայացնէ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին հնգամեայ ծրագիրը, որուն մշակումը աւարտած է, եւ որուն հիմամբ ճշդուած են բաժանմունքի 2014- 2018 տարիներու աշխատանքային առաջնահերթութիւններն ու գործունէութեան ուղղութիւնները:
«ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԵՆԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

