Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» Մասնաճիւղ. Հրաչ Քէշիշեանի «Գարեգին Նժդեհ» Շարժապատկերի Ներկայացում Եւ Քննարկում

Յովիկ Յովհաննէսեան

Յովիկ Յովհաննէսեան

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Ս. Վրացեան» մասնաճիւղին, երէկ` հինգշաբթի, 6 մարտ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ բեմադրիչ Հրաչ Քէշիշեանի «Գարեգին Նժդեհ» շարժապատկերի ներկայացումը:

Համազգայինի «Ս. Վրացեան» մասնաճիւղի վարչութեան անունով խօսք առաւ Դաւիթ Գազանճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք իրենց ցուցաբերած հետաքրքրութեամբ ներկայ գտնուած են խնդրայարոյց շարժապատկերի մը ցուցադրութեան:

Մօտաւորապէս երկու ժամուան տեւողութիւն ունեցող շարժապատկերին հետեւելէ ետք, ներկաները լսեցին Յովիկ Յովհաննէսեանի վերլուծական ներկայացումը, որ նախապէս որոշուած էր կազմակերպող մասնաճիւղին կողմէ: Յովիկ Յովհաննէսեան ներկայացուց շարժապատկերին դրական եւ ժխտական կողմերը, ան յայտնեց, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան մակարդակի չափանիշներով նկարահանումը արժանացած է բաւական մեծ նիւթական ծախսերու` մօտաւորապէս 7 միլիոն տոլարի, նաեւ կարգ մը դերասաններու մասնակցութիւնը գնահատելի ընտրութիւն եղած է: Սակայն վերլուծական ներկայացումին մէջ, նշմարելի էին Յովհաննէսեանի նշած շարք մը ժխտական կողմերը. ան ներկայացուց ըսելով, որ շարժապատկերը կը ներկայացնէ պատմական փաստերու խեղաթիւրում, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի ՀՅԴ 10-րդ Ընդհանուր ժողովին ընթացքին շարժապատկերին մէջ ներկայացուած Գարեգին Նժդեհի եւ Յովհաննէս Տեվեճեանի միջեւ եղած վէճին: Այնպէս մը կը ներկայացուի, որ Նժդեհը տեղի կու տայ Տեվեճեանի քննադատութիւններուն դիմաց` առանց լիովին բացատրելու ցեղակրօնութեան եւ «Ֆաշիզմ»-ի տարբերութիւնները: Նաեւ պատմականօրէն ճիշդ չէ Գարեգին Նժդեհի եւ Պօղոս Տէր Դաւիթեանի յարաբերութիւնը եւ այլ մանրամասնութիւններ, որոնք լուսարձակի տակ առնուած են ներկայացուած շարժապատկերին մէջ: Յովիկ Յովհաննէսեան աւելցուց ըսելով, որ շարժապատկերէն կարգ մը բաժիններ ի զուր եւ երբեմն դիտմամբ զետեղուած են, անկապ են եւ երեւի կը հետապնդեն յատուկ նպատակներ: Ի վերջոյ Յովհաննէսեան ըսաւ, թէ շարժապատկերը իբրեւ քարոզչական գործիք օգտագործուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ, իսկ անոր 7 միլիոն տոլար արժող ծախսերը հոգացած են նախագահին մօտիկ շրջանակներ:

Վերլուծական ներկայացումէն ետք տեղի ունեցաւ քննարկում:  Յակոբ Պալեան յայտնեց, որ զրոյցը աւելի հետաքրքրական կ՛ըլլար, եթէ ըլլային շարժապատկերի մասնագէտ քննադատներ, որպէսզի իսկապէս հաստատէին, որ նման ներկայացում մը շարժապատկերի մը չափանիշները չեն ամբողջացներ, ներկայացուածը ժամավաճառ ըրաւ ներկաները: Ապա Տիգրան Ճինպաշեան աւելցուց ըսելով, որ պատմական հիմնական թերութիւններ կան շարժապատկերին մէջ եւ յստակ է որ քարոզչական նպատակներով արտադրուած է:

Ի վերջոյ Կարէն Խաչատրեան աւելցնելով ըսաւ, որ թէեւ ժամանակի կորուստով բաժիններ, ինչպէս նաեւ մոռցուած այլ կարեւոր պատմական տուեալներ եւ պակասաւոր տեղեկութիւններ կային, սակայն ասիկա կարելի է գնահատել իբրեւ շարժապատկերի առաջին փորձ եւ նոր դերասաններու փորձառութիւն տալու դաշտ:

Սոյն շարժապատկերին մասին ըսելիք ունեցող հանրութիւնը, ինչպէս նաեւ զրոյցին ընթացքին արտայայտութիւններ ունեցողներ կրնան անոր մասին իրենց մտքերն ու քննադատութիւնները կամ գնահատականները արտայայտել «Ազդակ»-ի էջերով:

 

Share this Article
CATEGORIES