Բարձր Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին` Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճը Կը Մեծարէ Իր Վաստակաշատ Կրթական Մշակները
Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի հիմնադրութեան 50-ամեակի տօնակատարութիւններուն բացումը կատարելով, ուրբաթ, 6 մարտի երեկոյեան, քոլեճին 50-ամեակի շրջանաւարտից մարմինը մեծարանքի հանդիսութեամբ մը մեծարեց քոլեճին վաստակաշատ կրթական մշակները:
Բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, մեծարանքի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Իրենց ներկայութեամբ մեծարեալ կրթական մշակները պատուեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Խաչերեան, Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի անդամներ, քոլեճի խնամակալներ եւ 250 շրջանաւարտներ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ մեծարեալ ուսուցիչներու ներկայացումով եւ սրահ մուտքով: Պատուի կանգնած աշակերտական շարքերու ընդմէջէն յաջորդաբար սրահ մտան քոլեճին տասը տարի եւ աւելի ծառայութիւն ունեցող ուսուցիչները: Ուսուցիչները գլխաւորեցին քոլեճին այժմու եւ անցեալի տնօրէնները` Վիգէն Աւագեան եւ Կարօ Յովհաննէսեան: Որոտընդոստ ծափահարութիւններով սրահ վերջին մուտք գործողը եղաւ 1964-ի առաջին ուսուցչական կազմի անդամներէն, բազմավաստակ ուսուցչուհի Օլիվիա Պալեան:
Քոլեճին շրջանաւարտներէն Լուսին Տեմիրճեան հանդիսութեան բացումը կատարեց քոլեճին քայլերգով, որմէ ետք հայերէնով եւ արաբերէնով բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին քոլեճի շրջանաւարտներ Րաֆֆի Կէօվօղլանեան եւ Մարիա Տաղլեան: Անոնք նշեցին, որ 50 տարին կարճ ժամանակաշրջան մը չէ կրթական հաստատութեան մը համար, որ ամենայն նուիրումով սերունդներ հասցուցած է հայութեան եւ Լիբանանին: Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճէն շրջանաւարտ 1200 տղաք ու աղջիկներ, անցնող տասնամեակներուն, հայ կեանքը հարստացուցած են իրենց յաջողութիւններով եւ նուաճումներով: Իսկ այդ յաջողութիւններն ու նուաճումները շրջանաւարտները կը պարտին այն մարդոց, որոնք հոգի սպառեցին, շունչ հատցուցին եւ միտք մաշեցուցին, որպէսզի անոնք ըլլան այն ինչ որ են այսօր, ազնիւ մարդեր, տիպար քաղաքացիներ եւ լաւ հայեր:
Խօսք արտասանողները նշեցին, որ ուրախութիւնն ու պատիւը ունին տօնակատարելու բոլոր ուսուցչաց տօներէն տարբեր ուսուցչաց տօն մը: «Այսօր, այստեղ ներկայ են 50-ամեայ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի մեծ ընտանիքին ներկայացուցիչները` մեր շատ սիրելի տնօրէնները, դաստիարակները, ուսուցիչները եւ դասընկեր-դասընկերուհիները: Բոլորս միացնողը քոլեճին 50-րդ տարեդարձն է: Այսօր, տարիներ ետք, երբ կը վերյիշենք դպրոցական մեր տարիները, կարօտով կը փնտռենք մեր ուսուցիչները, մեր ականջներուն մէջ յաճախ կը հնչեն անոնց խրատներն ու թելադրանքները: Կ՛ուզենք վերագտնել զիրար, անգամ մը եւս ապրիլ անցեալի այդ գեղեցիկ օրերը, որոնք յիշատակ եւ պատմութիւն դարձած են այլեւս», հաստատեցին անոնք:
Հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրը ամբողջութեամբ վստահուած էր Սոֆիա Յակոբեանականներու: Այս առիթով, քոլեճին պարախումբը ներկայացուց երկու պար, որմէ ետք Լուսին Տեմիրճեան, Նժդեհ-Արցախ Պոտրումեան եւ Երուանդ Քէշիշեան հայ թէ օտար դասական երգերով ստեղծեցին գեղեցիկ մթնոլորտ: Իր կարգին, Զաքար Քէշիշեան հանդէս եկաւ շուիով:
Յատուկ տեսերիզով հանդիսութեան իրենց ողջոյնի խօսքերը փոխանցեցին այժմ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած քոլեճին վաստակաշատ տնօրէն Լեւոն Նահապետեան, նախկին ուսուցիչներ Ճորճիկ Ռաստկէլէնեան, Ռիթա Գասապեան-Գաբրիէլեան, Հայկազ Թրթռեան եւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան: Խանդավառուած մթնոլորտէն, իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկայ ամէնէն վաստակաշատ ուսուցիչը, քոլեճին 37 տարի ծառայած Ժոզեֆ Զուքին:
Խօսք առաւ տնօրէն Վիգէն Աւագեան եւ 50-ամեակի տօնակատարութիւններուն բացումը կատարելով` շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արժանընտիր գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ իր բարձր հովանաւորութիւնը շնորհեց 50-ամեակի հանդիսութիւններուն եւ թեմի բարեջան առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, որուն նախագահութիւնը կը վայելեն հանդիսութիւնները:
Տնօրէն Վիգէն Աւագեան յայտնեց, որ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը մեր ժողովուրդին կը ներկայանայ 50-ամեայ հաշուեյարդարի պատուաբեր վաստակով, հպարտ ու բարձր ճակատով: Արդարեւ, քոլեճը անցնող տասնամեակներուն մեր կեանքին տուաւ բազմատասնեակ ուսուցիչներ, մեծաթիւ տնօրէններ, մշակոյթի գործիչներ, ազգային կառոյցներու պատասխանատուներ, հանրային հասարակական կեանքի նուիրեալներ, բժիշկներ, ձեռներէց առեւտրականներ, այլ խօսքով` մեր ժողովուրդի տարբեր շերտերը ներկայացնող հայեր, ազգային նկարագիրով ու դիմագիծով մարդիկ, որոնք իրենց հոգեմտաւոր արժէքները կը պարտին այս Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին:
Քոլեճին շրջանաւարտները, – շարունակեց տնօրէն Աւագեան, – կը կազմեն հսկայ ներուժ, ինչ որ կը հանդիսանայ մեր մեծագոյն հարստութիւնը, տասնապատիկ եւ հարիւրապատիկ անգամ աւելի արժէքաւոր` քան մեր ունեցած կրթական հաստատութիւններուն նիւթական արժէքը: Նիւթը կը մաշի, կը փոշիանայ, կը փճանայ, սակայն մարդը իր կատարած գործով կը մնայ ու կ՛անմահանայ:
Իր խօսքը ներկայ կրթական մշակներուն ուղղելով` տնօրէն Աւագեան յայտնեց. «Շէնքերը կարեւոր են կրթական գործին համար, սակայն անբաւարար են, որովհետեւ շէնքերուն ոգի եւ շունչ տուողը մարդն է, ուսուցիչը, մեր մեծագոյն արժէքը: Ուսուցիչներ պատրաստած են մեր պատմութեան մեծագոյն դէմքերը: Ուսուցիչներ դարբնած են մեր ճակատագիրն ու նկարագիրը: Մենք կը հաւատանք, որ ուսուցիչներ կը կերտեն նաեւ մեր ներկան ու ապագան»:
Աւարտին, տնօրէն Վիգէն Աւագեան հրաւիրեց առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը` կատարելու վաստակաշատ ուսուցիչներու պարգեւատրումը: 30 ուսուցիչներ, 10-37 տարուան կրթական ծառայութեամբ, ստացան յատուկ յուշանուէրներ: Պարգեւատրուեցան Մարալ Փանոսեան, Ռուլա Եունես, Անի Մանուկեան, Ռիթա Օհաննէսեան, Մատլեն Վարդանեան, Լինա Նասրի, Նուհա Եամմին, Մելքոն Տեմիրճեան, Սիւզան Թազեան, Վաչէ Պուլղուրճեան, Ադամ Թազեան, Նաժլա Ատաս, Զեփիւռ Նէնէճեան, Վիգէն Տիշչեքենեան, Օսան Մսըրլեան, Ռոպեր Քիւրտեան, Ժաքլին Նաժժար, Յակոբ Հանտեան, Մայք Պօղոսեան, Լուիս Զէյտան, Յասմիկ Մուրատեան, Անդրանիկ Գրաճեան, Կարօ Յովհաննէսեան (տնօրէն 1987-2000), Վարուժ Չափարեան, Նմըր Սլէյման, Սամուէլ Պոյաճեան, Մինաս Փափազեան, Ժոզեֆ Գալուստեան, Ժոզեֆ Զուքի եւ Օլիվիա Պալեան: Հանդիսութեան կազմակերպիչ 50-ամեակի շրջանաւարտից մարմինը, անակնկալ մը հրամցնելով, պարգեւատրեց նաեւ քոլեճի այժմու տնօրէն Վիգէն Աւագեանը, որ իբրեւ ուսուցիչ եւ տնօրէն 16 տարուան ծառայութիւն մը ունի քոլեճին:
Պարգեւատրումէն ետք խօսք առաւ առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին շուրջ բոլորուած շրջանաւարտներու լայն շրջանակին համար եւ մաղթեց, որ քոլեճին հանդէպ անոնց կապուածութիւնն ու սէրը մնան միշտ ամուր: Առաջնորդը գնահատեց քոլեճին վաստակաշատ ուսուցիչները մեծարելու երեւոյթը եւ նշեց, որ մեծ են հայ ուսուցիչին դերն ու առաքելութիւնը մեր կեանքին մէջ: Իր խօսքին աւարտին, առաջնորդը յաջողութիւն մաղթեց 50-ամեակի հանդիսութիւններուն` քոլեճը միշտ վերելքի եւ յաջողութիւններու մէջ տեսնելու ակնկալութեամբ:
Պարգեւատրումին յաջորդեց 50-ամեակի կարկանդակին հատումը, որուն մասնակցեցան առաջնորդ սրբազանը, Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի ատենապետը, քոլեճին անցեալի եւ ներկայի տնօրէնները, վաստակաշատ ուսուցիչները եւ առաջին ու վերջին շրջանաւարտ սերունդներէն մէկական ներկայացուցիչներ:
Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինի աւարտին, երեկոն շարունակուեցաւ սրտաբուխ խօսքերով, երգերով, հաճելի յիշատակներու ներկայացումով, ուսուցիչ-շրջանաւարտ ողջագուրումներով եւ յիշատակի նկարներով:


