Բարգաւաճ Հայաստան – ՀՅԴ Բարձրաստիճան Հանդիպում
7 մարտին Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ներկայացուցիչներ Հրանդ Մարգարեանի, Արմէն Ռուստամեանի եւ Աղուան Վարդանեանի միջեւ:
Քննարկման առանցք եղաւ միասնական քաղաքական օրակարգի գործողութիւններու ճամբու քարտէս ձեւաւորելու հարցը:
Կարեւոր նկատելով հանդիպումը` ՀՅԴ ներկայացուցիչները նշեցին, որ Հայաստանը այսօր կանգնած է լրջագոյն մարտահրաւէրներու առջեւ, զորս յաղթահարելու համար անհրաժեշտ է ներքին միասնականութիւն:
Բարձր գնահատելով ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումը` Գագիկ Ծառուկեան իր կարգին նշեց, որ քաղաքական-հասարակական լայն համախմբման շնորհիւ միայն կարելի է երկիրը դուրս բերել ստեղծուած տագնապալի վիճակէն:

