Անդամալուծութեան Դէմ Պատուաստի Արշաւը Ընթացք Առաւ «Գարակէօզեան» Հաստատութենէն` Առողջապահութեան Նախարարին Կողմէ
Երէկ` երեքշաբթի, 10 մարտի առաւօտեան ժամը 10:00-ին «Գարակէօզեան» հաստատութենէն ազդանշանը տրուեցաւ ամբողջ Լիբանանի մէջ կայանալիք անդամալուծութեան դէմ պատուաստի արշաւին: Առողջապահութեան նախարարութիւնը` գործակցաբար Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութեան եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Լիբանանի տարածքին կազմակերպած է մանուկներու տարբեր հիւանդութիւններու դէմ պատուաստի լայնածիր այս արշաւը, որ տեղի պիտի ունենայ երկու հանգրուաններով` կանխարգիլելու համար յառաջիկայ ամիսներուն նախատեսուող մանուկներու հիւանդութիւններու փոխանցումը: Առաջին հանգրուանին 0-5 տարեկան մանուկները պիտի ստանան մանուկներու անդամալուծութեան դէմ պատուաստ, իսկ երկրորդ հանգրուանին` 0-18 տարեկանները պիտի ստանան հարսանիթի (Measles) եւ գերմանական հարսանիթի (Rubella) դէմ պատուաստները:
Այս արշաւին սկիզբը նախանշելու համար «Գարակէօզեան» հաստատութիւն այցելեց Լիբանանի առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր: Ներկայ էին նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, աւետարանական համայնքի պետ վեր. Սելիմ Սահիունի, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, առողջապահութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն տոքթ. Ուալիտ Ամմար, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, Միջազգային առողջապահական կազմակերպութեան Լիբանանի ներկայացուցիչ տոքթ. Հասան Պուշրի եւ կազմակերպութեան Լիբանանի Կեդրոնական գրասենեակի ներկայացուցիչները, ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Լիբանանի ներկայացուցիչ Աննա-Մարիա Լաուրինի, ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ներկայացուցիչ Սարա Պասքաթի, Լիբանանի մանկաբուժներու միութեան տնօրէն տոքթ. Պեռնար Ժերպեքա, առողջապահութեան նախարարութեան մէջ բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչ Խալետ Քասքաս, «Ուոր Չայլտ Հոլլընտ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ Մանալ Իտ, Հայֆա Համտուն եւ Ժիհան Հուայեք, ինչպէս նաեւ տեղական եւ հայկական բարեսիրական միութիւններու տնօրէններ եւ ներկայացուցիչներ:

Զոհրապ Այվազեան

Սերոբ Օհանեան
Բացման խօսքը արտասանեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց պատուաստի այս արշաւը «Գարակէօզեան»-էն սկսելու առողջապահութեան նախարարութեան ընտրանքին համար, որովհետեւ ատիկա ապացոյց է այն մեծ վստահութեան, որ կայ հաստատութեան նկատմամբ: Ան դիտել տուաւ, որ «Գարակէօզեան»-ի մէջ առողջապահական, ընկերային եւ այլ ծառայութիւններ կը մատուցուին առանց որեւէ խտրութեան: Այս առիթով Օհանեան շնորհակալութիւն յայտնեց տեղական եւ միջազգային այն բոլոր կազմակերպութիւններուն, կառոյցներուն եւ անձերուն, որոնք միշտ հաստատութեան կողքին են եւ իրենց մեծ նպաստը ունին` իրենց մարդասիրական ծրագիրներուն իրականացման իմաստով:
Ապա «Գարակէօզեան»-ի Խորհրդատու մարմինին անունով խօսք առաւ դատաւոր Զոհրապ Այվազեան, որ անդրադառնալով անսակարկ կերպով մատուցուած «Գարակէօզեան» հաստատութեան ծառայութեան` դիտել տուաւ, որ անիկա ոչ մէկ կուսակցութեան կը պատկանի, սակայն բոլոր կուսակցութիւններն ալ իր շուրջ համախմբուած են: Ան ողջունեց մանուկներու տարբեր հիւանդութիւններուն դէմ պատուաստի այս արշաւը` անդրադառնալով անոր կարեւորութեան, առողջ սերունդներու կերտման իմաստով` յոյս յայտնելով, որ նախարար Ապու Ֆաուրի նշանաբանը ըլլայ` ո՛չ մէկ աղքատ պիտի մահանայ հիւանդանոցին դրան սեմին:
Անկէ ետք ան հրաւիրեց առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որ իր խօսքին մէջ անդրադառնալով անդամալուծութեան դէմ պատուաստումի արշաւը Պուրճ Համուտէն սկսելու իրողութեան` հաստատեց, որ պատճառը այդ շրջանին մէջ տիրող բազմազանութիւնն է, որ զայն կը դարձնէ յանձնառու եւ ճշմարիտ քաղաքացիականութեան եւ համայնքային համակեցութեան օրինակելի տիպար մը: Անոր համաձայն, այս իրականութենէն մեկնած` շրջանը բնաւ երկրին վրայ բեռ չի դառնար` ի տարբերութիւն այլ քաղաքացիութիւններու, որոնք երկիրն ու պետութիւնը իրարանցումի կը մատնեն:
«Պուրճ Համուտը ընտրելու այլ պատճառ մըն է նաեւ այն, որ այս շրջանը կ՛ընդգրկէ մեծ թիւով համեստ դասակարգի մարդիկ: Պետութեան ստանձնած պատասխանատուութիւններուն շրջագիծին մէջ, անոր պարտականութիւնն է ուղղուիլ դէպի իր բոլոր քաղաքացիները, իսկ եթէ ան որոշ դասակարգի մը նախապատուութիւն տալու ըլլայ, ապա այդ դասակարգը պէտք է ըլլայ համեստ խաւը, որ տնտեսական եւ ընկերային դժուար պայմաններ կը դիմագրաւէ», ըսաւ Ապու Ֆաուր:
Ան կոչ ուղղեց Լիբանանի բոլոր ծնողներուն եւ մայրերուն` ընդառաջելու այս արշաւին եւ Լիբանանը զերծ պահելու մանուկներու անդամալուծութենէն:
Ապու Ֆաուր կոչ ուղղեց բոլորին` պատուաստելու իրենց երեխաները, որոնք հինգ տարեկանը չեն ամբողջացուցած:
«Անկախ ձեր զաւակներուն նախապէս ստացած բոլոր պատուաստներէն, անհրաժեշտ է, որ անոնք պատուաստումի այս արշաւին մասնակցին: Լիբանանեան պետութեան համար մանուկներու պաշտպանութիւնը հիմնախնդիր է, ինչպէս է պարագան ընտանիքներուն համար», ըսաւ Ապու Ֆաուր` մաղթելով, որ լրատուամիջոցներն ու մամուլը իրենց կարգին քարոզչական աշխատանքի ընդմէջէն իրենց դրական ներդրումը ունենան այս արշաւին, որ լիբանանցիին եւ լիբանանեան հողերուն վրայ ապրող ոչ լիբանանցիին ծառայութեան համար է:
Իր խօսքի աւարտին ան դիտել տուաւ, որ այս աշխատանքը կը տարուի, որպէսզի չկրկնուի 12 տարի առաջ տեղի ունեցած մանուկներու անդամալուծութեան պարագան` ծնողները, յատկապէս մայրերը հրաւիրելով զգօնութեան ու գիտակից կեցուածքի, որովհետեւ նման արշաւներ յօգուտ իրենց զաւակներուն են:
Աւարտին իր պատգամը փոխանցեց Շահէ եպս. Փանոսեան, որ գոհունակութիւն յայտնեց կազմակերպուած արշաւին համար` շեշտելով, որ անդամալուծութիւնը բուժելը կրնայ շատ դժուար ըլլալ, սակայն շատ դիւրին եղած է անոր առաջքը առնելը` պատուաստումներու ընդմէջէն: Անոր համաձայն, պէտք է գիտակցիլ, որ նման հիւանդութիւններու ենթարկուելու վտանգը շատ մեծ է մանուկներուն համար, եթէ անտարբեր մօտեցում ցուցաբերուի այս առնչութեամբ: Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ այսօրուան մանուկները վաղուան ապագան կը ներկայացնեն, ուստի մեր պարտականութիւնն է այսօր գուրգուրալ անոնց, նախանձախնդիր ըլլալ անոնց առողջութեան, որպէսզի վաղուան յոյսը վառ մնայ եւ դրական ապագայի տուեալները առկայ ըլլան:
Իր խօսքի աւարտին Շահէ եպս. Փանոսեան հաստատեց, որ ինչպէս «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը, բոլոր կառոյցներն ալ մասնակից են այս արշաւին, որովհետեւ ասիկա պատասխանատուութիւն եւ պարտականութիւն է, որպէսզի կարելի ըլլայ միասնաբար դրական փոփոխութիւն մը կատարել:
Խօսքերու աւարտին առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր անձամբ պատուաստեց հաստատութեան խնամքին յանձնուած կարգ մը մանուկները եւ կարկանդակի հատումով վերջ գտաւ հաւաքը:

