ՍԱՄՊՕ. ՀԱՅՐԵՆԻ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻՆ ՔԱՐԱՔԱՍ
Հայաստանի Սամպոյի ֆետերասիոնին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 1-5 յուլիսին Վենեզուելայի մայրաքաղաք Քարաքասի մէջ տեղի ունենալիք Սամպոյի աշխարհի բաժակի մրցաշարքերէն մէկուն, որ կը կոչուի Ասթախովի յուշամրցաշարք:
Այս մրցաշարքին Հայաստանը պիտի ներկայացնեն ստեփանակերտցիներ Մարտին Միրզոյեան եւ Աշոտ Դանիէլեան: Անոնք նախորդ հանգրուաններուն արծաթ մետալներու տիրացան:
Քարաքաս պիտի մեկնի նաեւ մարզիչ Էռնեսթ Միրզոյեան:
CATEGORIES Մարզական

