«Չեմփիընզ Լիկ». Արսենալ Եւ Ա. Սէ. Միլան Դուրս Մնացին Մրցաշարքէն
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումները, որոնցմէ երկուքը տեղի ունեցան երէկ, տխուր եղան Արսենալի եւ Ա. Սէ. Միլանի համար, որոնք հրաժեշտ տուին մրցաշարքին:
Աթլեթիքօ Մատրիտ 4-1 արդիւնքով յաղթեց Ա. Սէ. Միլանին, մինչ Պայէրն Միւնիխ հաւասարութեամբ (1-1) բաժնուեցաւ իր հիւրէն` Արսենալէն:
Նշենք, որ Աթլեթիքօ երթին 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, մինչ Պայէրն` 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ երէկուան մրցումին եւս Պայէրն կրնար յաղթանակ մը արձանագրել, անշուշտ եթէ Թոմաս Մէօլըր ի նպաստ իր կազմին տրուած փենալթին կոլի վերածէր (90-րդ):
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (փակագիծերուն մէջ` երթի մրցումներուն արդիւնքները, ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԺԱՄ
Պարսելոնա – Մանչեսթըր Սիթի (2-0) 21:45
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Պայէր Լեւերքուզըն (4-0) 21:45

