ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՓԻՆԿ ՓՈՆԿԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻՆ ՄԷԿ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ
Ինչպէս ծանօթ է յառաջիկայ 12-18 սեպտեմբերին Լիբանան պիտի հիւրընկալէ Ասիոյ փինկ փոնկի 20-րդ ախոյեանութիւնը: Անիկա առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի մէջ:
Իր կատարած շարք մը այցելութիւններուն ծիրին մէջ, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Չինաստանի դեսպան Ուու Զի Քըսիանի:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա, ֆետերասիոնի նախկին նախագահ եւ միջազգային փինկ փոնկի ֆետերասիոնի անդամ Միշել Տը Շատարեւեան եւ փոխնախագահ Ահմետ Արաքժի:
Այս մրցաշարքին բացման հանդիսութեան գծով Չինաստանի դեսպանին յատուկ հրաւէր յանձնելէ բացի, այլ նամակ մըն ալ յանձնուեցաւ, որպէսզի ան Չինաստանէն բարձր մակարդակի մարզիկներու հրաւէր ուղարկէ, որպէսզի մասնակցին այս ախոյեանութեան, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ Միջին Արեւելքի մէջ: