Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Առողջապահութեան Նախարարը

Ապու Ֆաուր, Արամ Ա. կաթողիկոս եւ Բագրատունի
Հինգշաբթի, 13 մարտ 2014-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման նաեւ ներկայ էին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զիատ Շաայա:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու Լիբանանի ներքին քաղաքական ներկայ վիճակը, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Հանդիպումը նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ, որ վեհափառ հայրապետը առաջարկէ առողջապահութեան նախարարին նախարարութեան օժանդակութեան ծիրին մէջ յատուկ կարեւորութիւն ընծայելու Ազունիէի Ազգային բուժարանին, Ազգային ծերանոցին եւ հայ համայնքի բարեսիրական միութիւններու առողջապահական ծրագիրներուն:
Նախարարը խոստացաւ սիրով ընդառաջել վեհափառ հայրապետի փափաքին:

