Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ 25 մարտ 2014-ին Ս. Աստուածածնայ Աւետման տօնին առիթով պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը ապահովական իմաստով Հըզպալլայի հետ համադրում չի կատարեր:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ ընդգծեց, որ լիբանանեան հողերուն պաշտպանութեան պատասխանատու են երկրին օրինական իշխանութիւնները:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը վարչապետ Թամմամ Սալամը տեղեակ պահած են, թէ իրենք չեն փափաքիր անոր հրաժարականը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը պէտք է լիբանանեան պետութեան տրամադրութեան տակ ըլլայ եւ ոչ թէ հակառակը:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարէ մը, կը գրէ, թէ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ «Դիմադրութեան Լիբանանի իրաւունքը» եզրերուն նշումը բաւարար է լուծելու համար Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն հարցը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սելիմ Քարամ ապահովութեան ուժերէն պահանջեց վերջ մը դնել Զղարթայի եւ ամբողջ նահանգին մէջ արձանագրուող գողութեան եւ քրէական տարբեր արարքներուն:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրներուն համար Դիմադրութեան բանաձեւումի քանի մը տարբերակ պատրաստած է եւ կը նախատեսուի, որ կառավարութիւնը մետասաներորդ պահուն անոնցմէ մէկը որդեգրէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է համախոհութիւն գոյացնէ Լիբանանի դիմագրաւած հարցերը լուծելու եւ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու առումով:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ հաւատադրժողական շարժումները թիրախ դարձնեն Մուսթաքպալ հոսանքը:

