Շիրակ – Փերսեփոլիս Մրցումը Յետաձգուեցաւ

Շիրակ Գիւմրի, որ սկզբունքով 19 մարտին ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէր իրանեան Փերսեփոլիսի դէմ, յայտնեց, որ այդ մրցումը յետաձգուած է` նկատի ունենալով, որ իրանեան կազմը չէ յաջողած օդանաւի իր տոմսերը ապահովել, որովհետեւ ներկայիս մեծ է իրանցիներուն հոսքը Հայաստան` «Նեւրուզ» տօնին առիթով, կը յայտնէ ArmSport.am:

Երկու խումբերուն միջեւ յառաջիկայ ամրան հաւանաբար երկու մրցումներ տեղի ունենան թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Իրանի մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES