Վենետիկի Մէջ Իտալիայէն Անջատուելու Շուրջ Հանրաքուէ
Երէկ Վենետիկի մէջ ընթացք առաւ Իտալիայէն անջատուելու շուրջ հանրաքուէ մը: Անկախական շարժումը կը պնդէ, որ Իտալիոյ ճարտարարուեստական կեդրոնը եղող հիւսիսային շրջանի հարստութիւնը Հռոմի կողմէ գոյութիւն ունեցող ելեւմտական տագնապին վատ կառավարման պատճառով կը մսխուի:
Անկախական շարժումի ղեկավարները կը յայտնեն, որ իրենք Հռոմի վաւերացման պիտի չսպասեն, եթէ բնակչութիւնը ի նպաստ անջատման քուէարկէ: Վենետիկ նաեւ անկախանալու պարագային Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի հետ կապերը կրնայ խզել: Անկախութեան զօրակցող գործիչ մը` Ռաֆայելլէ Սերաֆինի բրիտանական «Թելեկրաֆ»-ին յայտնեց, որ «վենետիկցիները ոչ միայն կ՛ուզեն Իտալիայէն դուրս գալ, այլ նաեւ Եւրոյի գօտիէն, Եւրոպական Միութենէն եւ ՕԹԱՆ-էն»:
Շրջանին մէջ բնակող շուրջ 3.8 միլիոն քուէարկողներ իրաւասու են հանրաքուէին մասնակցելու:
1866-ին Իտալիոյ մաս կազմելէ առաջ Վենետիկի շրջանը ծանօթ էր «Վենետիկի ամէնէն պայծառ հանրապետութիւն» անունով: Հանրապետութիւնը իր անկախութիւնը կորսնցուց, երբ Նափոլէոն 1797-ին գրաւեց Վենետիկը:
Քուէարկութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ ուրբաթ օր:

