ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ 6 ԺԱՄ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ ազգային ապահովութեան խորհուրդը երկուշաբթի օր Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի գլխաւորութեամբ 6 ժամ տեւած նիստի մը ընթացքին քննարկած է Միջին Արեւելքի զարգացումները:
Ժողովէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ խորհուրդը յայտնեց, որ կարեւոր է, որ «շրջանի ժողովուրդներուն օրինական պահանջներուն եւ ձգտումներուն համապատասխանող քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական համապարփակ բարեփոխումները անմիջապէս գործադրուին»: Խորհուրդը նաեւ կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքի մէջ «ճշմարիտ փոփոխութեան հոլովոյթի մը, որ սահմանադրական ժողովրդավարութիւն պիտի հաստատէ»:
Ժողովին ներկայ գտնուած է նաեւ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Էօնիւր Էօնհոն, որ ներկաներուն զեկուցած է Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան մասին:
Խորհուրդը յայտնեց, որ քննարկուած է Թուրքիոյ մէջ սուրիացի գաղթականներու վիճակը` ապահովելու համար անոնց մարդասիրական պէտքերը: Հաղորդագրութիւնը նաեւ նշեց, որ ժամանակաւորապէս եւ մարդասիրական մտահոգութիւններէ մղուած սուրիացիներու Թուրքիա մուտքը արտօնուած է:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ ցամաքային ուժերու հրամանատար զօր. Էրտալ Ճէյլանօղլու, ոստիկանութեան հրամանատար Նեճտեթ Էօզել եւ թրքական բանակի 2-րդ զօրաբաժինի հրամանատար զօր. Սերվեթ Եէօզրիւք վերջերս այցելած են թուրք-սուրիական սահմանը:


