«ԱՆԹԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐԸ ԹԱԼԱՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՆՈՆՑ ԹՄՐԵՑՈՒՑԻՉՈՎ ՈԳԵԼԻՑ ԸՄՊԵԼԻՆԵՐ ԿԸ ԽՄՑՆԵՆ» ԿԸ ԳՐԷ «ՍԱՆՏԷՅ ԹԱՅՄԶ»
Բրիտանական «Սանտէյ Թայմզ» օրաթերթը` անդրադառնալով անցեալ տարի Անթալիոյ Մանաւկաթ շրջանին մէջ տեղի ունեցած բրիտանացի զբօսաշրջիկ Էնտրիւ Սմիթի մահուան պայմաններուն, կը գրէ, որ Անթալիոյ մէջ բրիտանացի զբօսաշրջիկին խմցուցած են թմրեցուցիչով ոգելից ըմպելի մը, թալանած են եւ ձգած, որ մահանայ:
«32 տարեկան Էնտրիւ Սմիթ անցեալ ամառ հանգստանալու նպատակով մեկնած էր Թուրքիա: Մանաւկաթի գիշերային ակումբներէն մէկուն մերձակայքին մէջ տեղադրուած անվտանգութեան տեսախցիկները ճշդած էին Սմիթը, որ ճօճուելով երկու անձերու ուղեկցութեամբ դուրս եկած էր ակումբէն, գանձարկղէն հանած էր գումար եւ տուած այդ անձերուն: Այդ նկարները կեանքին վերջինն էին Էնտրիւ Սմիթի, որուն անշնչացած մարմինը յայտնաբերուած էր 12 սեպտեմբերին Մանաւկաթի անտառի եզրին», կը գրէ բրիտանական օրաթերթը` նշելով, որ զբօսաշրջիկի մահուան բոլոր պայմանները չեն բացայայտուած:
«Դատաբժշկական փորձաքննութեան իբրեւ արդիւնք Սմիթի արեան մէջ յայտնաբերուած էր հերոյին, մորֆին եւ քոտէին: Էնտրիւ Սմիթի ընտանիքը կը պնդէ, որ իրենց որդին թալանելու նպատակով խմցուցած են թմրեցուցիչով ոգելից ըմպելի, սակայն թրքական իշխանութիւնները իրենց կարելին ըրած են ծածկելու համար հարցը, որ բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենար Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան վրայ: Իսկ երբ Սմիթի հարազատները դիմած են բրիտանական հիւպատոսութեան, վերջինս պատասխանած է, թէ թուրք-բրիտանական յարաբերութիւններու վատթարացում չ՛ուզեր, եւ այս պատճառով ալ ոչինչով կրցած է օգնել Սմիթի ընտանիքին: Հիւպատոս Ճէյմս Պազ նոյնիսկ Սմիթի հարազատները զգուշացուցած է մամուլին դիմելէ, այլապէս պիտի վտանգեն հետաքննութեան ընթացքը: Էնտրիւ Սմիթի մահէն 9 ամիս անցած է, սակայն անոր մահուան պայմանները կը շարունակեն անյայտ մնալ», կը գրէ «Սանտէյ Թայմզ»` ընդգծելով, որ Անթալիոյ մէջ զբօսաշրջիկներու նկատմամբ սեռային ոտնձգութիւններ կատարելու կամ զանոնք թալանելու համար անոնց կը խմցնեն թմրեցուցիչով ոգելից ըմպելիներ, ինչ որ շատ լուրջ խնդիր է: