Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ուքրանական Գորդեան Հանգոյց

«Կեանքիս պատմութիւնը մաս կը կազմէ հայրենիքիս պատմութեան»:
(«The history of my life is a part of the history of my homeland»)
ԹԱՐԱՍ ՇԵՒՉԵՆՔՕ (1814-1861)

Taras-ShevchenkoՈւքրանացի տաղանդաւոր բանաստեղծին խօսքը խոր զգացում մըն է, ազգային պատկանելիութեան մարմաջ մը եւ կապուածութիւն մը` իր հայրենի հողին: Հետեւաբար, այս մտածողութեան ընդմէջէն, կարելի է հետեւցնել, թէ ամէն մէկ ուքրանացիի մտահոգութիւնը նոյնինքն հայրենիքին մտահոգութիւնն է, յուզմունքն ալ հայրենի հողին յուզմունքը… Իսկ ներկայ օրերուն կարելի է յստակօրէն հաստատել, թէ ամէն մէկ ուքրանացիի անորոշութիւնը մաս կը կազմէ ներկայ իր հայրենի հողի անորոշութեան:

Յստակ է, թէ Ուքրանիա կ՛ապրի իր պատմութեան ամէնէն աւելի դժուար օրերէն մէկը: Եւ այս օրերուն Շեւչենքոյի վերոյիշեալ ապրումները տարբեր ձեւով կը մեկնաբանուին Ուքրանիա կոչեցեալ հողաշերտին վրայ:

Այս մեկնաբանութիւնները աւելի կը մատնանշուին Դնեպր գետի արեւմտեան (եւրոպամէտ) եւ արեւելեան (ռուսամէտ) ափերուն վրայ: Իւրայատուկ եւ շատ աւելի բարդ է հարաւային Խրիմ թերակղզիի պարագան, որուն բնակչութեան մեծամասնութիւնը ռուս (վաթսուն առ հարիւր) է:

Սակայն այս թերակղզիին պատմութիւնը հարուստ է զանազան արշաւներով, պատերազմներով եւ բռնագաղթերով:

Կիմմերներ, մոնկոլներ, վենետիկցիներ, ճենովացիներ, օսմանցիներ եւ ռուսեր դարերու ընդմէջէն իրենց տիրապետութեան տակ առած են այս թերակղզին: Հայկական ներկայութիւնն ալ յիշատակելի է այս շրջանէն ներս` յանձին հանրահռչակ ծովանկարիչ Այվազովսքիի, որ ծնած է այդ շրջանի փոքր նաւահանգիստներէն` Թէոտոսիայի մէջ, նաեւ` մօտակայ Սթարիլ Քրիմ շրջանի Սուրբ Խաչ վանքին:

Բ. Համաշխարհային պատերազմի օրերուն թերակղզիին փոքրամասնութիւնները բռնի ուժով տեղահանուեցան, իսկ փետրուար 19, 1954-ին, այդ օրերու Խորհրդային Միութեան ղեկավարը` Նիքիթա Խրուշչեւ (ծագումով ուքրանացի), յատուկ հրամանագրով մը Խրիմը յանձնեց Խորհրդային Ուքրանիոյ ղեկավարութեան, անշուշտ` ինքնավար կարգավիճակով:

Ահաւասիկ, այսօր տարիներէ ի վեր այդ ծագումով ռուս եւ ռուսախօս բնակչութիւնն է, որ որոշած է ինքնավարութենէն քայլ մը աւելի անդին երթալով` միանալ Ռուսաստանի Դաշնութեան:

Պայմաններն ալ այդ մէկ որոշումը դիւրացուցին` շնորհիւ Քիեւի մէջ կատարուած Մայտանի յեղափոխութեան եւ յատկապէս ռուսական ծովուժին համար բանալի նկատուող այս սեւծովեան շրջանի շուրջ… սեւ ամպերու կուտակման:

 

Share this Article
CATEGORIES