Անդրադարձ. Աշխարհը` Խրիմի Երկրորդ Պատերազմի Մը Շեմի՞ն
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Ռուսիա Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ իր դէմ հաստատուած պատժամիջոցներէն անմիջապէս ետք զիջում մը կատարեց, երբ երկուշաբթի օր առերեւոյթ հրաժարեցաւ Խրիմը իրեն կցելէն եւ թերակղզին ճանչցաւ իբրեւ «գերիշխան եւ անկախ պետութիւն»: Անկախ Խրիմ մը եւ Ռուսիոյ կցուած Խրիմ մը նոյն մետալին երկու երեսներն են, որովհետեւ այսպէս կամ այնպէս երկուքն ալ ամբողջովին Ռուսիայէն կախեալ պիտի ըլլան: Քրեմլին նշեց, որ այդ քայլը որդեգրելու համար հիմնուեցաւ «խրիմեան հանրաքուէին ընթացքին Խրիմի ժողովուրդի կամքի արտայայտման վրայ», հակառակ անոր որ նշեալ հանրաքուէն Ռուսիոյ միանալու շուրջ էր եւ ոչ թէ անկախանալու: Այդ հակասութիւնը մասամբ «կոկելու» համար Փութինի հրամանագիրին հրապարակումէն ժամեր առաջ Խրիմի խորհրդարանը անկախութեան հռչակագիր մը որդեգրեց:
Մէկ օր ետք, Փութին անկանխատեսելի ըլլալու տպաւորութիւն ստեղծելով` այդ քայլէն ետդարձ կատարեց եւ ստորագրեց Խրիմը Ռուսիոյ վերամիացնելու համաձայնագիր մը` նշելով, որ այդպիսով «պատմական սխալ մը» կը սրբագրէ: Ան ընդգծեց, որ Արեւմուտքը Ուքրանիոյ մէջ կարմիր գիծը անցած է, իսկ Խրիմի հարցին պատճառով «անշուշտ արտաքին ճակատում պիտի դիմագրաւենք»: Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ իր երկիրը յառաջիկայ շաբաթներուն Ռուսիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ պիտի որդեգրէ, իսկ Եւրոպական Միութիւնը արդէն սպառնացած էր նոր պաղ պատերազմով մը եւ «հեռահաս» տնտեսական շրջափակումով, եթէ Ռուսիա Խրիմը իրեն կցէ:
Տիրող կացութիւնը մտածել կու տայ, որ կը գտնուինք Խրիմի երկրորդ պատերազմի մը շեմին: Խրիմի առաջին պատերազմին ընթացքին (հոկտեմբեր 1853-փետրուար 1856) Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Օսմանեան կայսրութեան եւ Սարտինիա-Փիետմոնթի բանակները պաշարեցին Սեւասթոփոլը եւ Խրիմի մէջ ճակատեցան ռուսական բանակին դէմ: Պատերազմը ընթացք առաւ, երբ Ռուսիա իրեն կցեց տարածքներ, որոնք ներկայիս մաս կը կազմեն Մոլտաւիոյ, Ռումանիոյ եւ Ուքրանիոյ: Օրին Ռուսիա ուղղափառ քրիստոնեաներու իբրեւ պաշտպան կը ներկայանար, իսկ այսօր` ռուսախօսերուն: Օրին Արեւմուտքը կ՛ուզէր Ռուսիան պաշարել եւ անոր ծովուժը հեռացնել Սեւ ծովէն, այսօր նպատակը նոյնն է:
Եթէ մեծ տէրութիւնները պատմութենէն դաս չառնեն, ապա անոր կրկնութիւնը անխուսափելի պիտի դառնայ: Սակայն այս անգամ ճակատումը տնտեսական գետնի վրայ ուղղակի, իսկ զինուորական գետնի վրայ անուղղակի պիտի ըլլայ, որովհետեւ Ռուսիան հիւլէական ուժ մըն է:
Արեւմուտքի ղեկավարները պէտք չէ Փութինի Ռուսիան մէկ այլ երկրի հետ շփոթեն եւ երեւակայեն, որ պատժամիջոցներու հաստատումը կամ հաստատման սպառնալիքը արգելք պիտի հանդիսանան, որ անիկա իր շահերը պաշտպանէ: Անոնք վստահաբար պիտի տեսնեն, որ Ռուսիան, ինչպէս Խրիմի առաջին պատերազմի ընթացքին, նաեւ երկրորդ պատերազմին ընթացքին, դժուար հակառակորդ մըն է: Արեւմուտքը նաեւ պէտք է յիշէ, որ ինչպէս Նափոլէոնի եւ Հիթլերի դէմ պատերազմները կը վկայեն, Ռուսիան նաեւ կրնայ արժէքաւոր դաշնակից մը ըլլալ եւ շարք մը հարցերու լուծման օժանդակել, եթէ ուքրանական տագնապին պէս հարցեր հրահրելով զինք չգրգռեն, այլապէս անիկա կրնայ հարցեր ստեղծել կամ գոյութիւն ունեցող հարցերը բարդացնել: