Թուրք Մտաւորականներ Կոչ Կ՛ուղղեն Պատմութեան Հետ Առերեսուելու
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակէն մէկ տարի առաջ Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուած է «2015-էն մէկ տարի պակաս. Մեր ներկան ու ապագան» խորագիրով խորհրդաժողով մը, որուն կազմակերպիչները պատմութեան հետ առերեսուելու կոչ ուղղած են:
«Տեմոքրաթ Հապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ խորհրդաժողովին ընթացքին խօսք առած է քիւրտ լրագրող Սետաթ Եըլմազ, որ պատասխանելով մարտինցի հայու մը հարցումին, յուզուած ըսած է. «Մեր պապերէն լսած ենք, որ եօթը հայու սպաննողը դրախտ կ՛երթայ: Վեց հայ սպաննողը այդ ժամանակ եօթներորդը կը փնտռէր: Շատ կը ցաւիմ, կ՛անիծեմ, ներում կը հայցեմ»:
Այս քաղաքացիական նախաձեռնութեան հեղինակները խումբ մը մտաւորականներ, գրողներ եւ լրագրողներ են:
Խորհրդաժողովը բաղկացած եղած է երեք մասերէ. առաջինին ընթացքին կիներ խօսած են ցեղասպանութենէն տուժած կիներու մասին, երկրորդ մասին մէջ խօսք առած են իրաւաբանները, իսկ երրորդին մէջ` լրագրողները:
Առաջին մասին ընթացքին խօսք առած է Կիւլչիչեք Կիւնել Թեքին, որ ներկաները ողջունած է հայերէնով եւ քրտերէնով: Ան նշած է, որ ինք շատ ուսումնասիրած է եւ որոշած առերեսուիլ պատմութեան հետ` հասկնալով, որ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն էր:
Լրագրողներէն Մեհմեթ Կէօճեքլի անդրադարձած է ցեղասպանութեան վերաբերեալ լրատուամիջոցներուն մէջ օգտագործուող լեզուին: Ան բերած է Օրհան Փամուքի մասին լուրերու օրինակները, որոնց մէջ գրողը կը նշէ, որ 1.5 միլիոն մարդ սպաննուած է, իսկ լրատուամիջոցները կը փորձեն վիճարկել այդ թիւը: «Յաճախ կը վիճին թիւին շուրջ: Համարենք` ես ալ կ՛ըսեմ, որ Օրհան Փամուք կը ստէ, եւ 1.5 միլիոն հայ չէ սպաննուած: Ըսենք` սպաննուած է 1500 հայ: Իր բնօրրանէն բնաջնջուած է 1500 հոգինոց ազգ մը: Ուրեմն պէտք չէ՞ ամչնանք, որ այս հողերուն վրայ 1500 բնիկ ոչնչացուած է: Մինչեւ ե՞րբ պէտք է այնպէս ապրինք, կարծես ոչինչ տեղի ունեցած է: Թիւը վիճարկողներուն կը հարցնեմ` 1915-ին 1500 հայերու ի՞նչ պատահած է», ըսած է ան:
Լրագրողները նշած են, որ յաճախ չհրապարակուող նիւթերը կը տարածուին ընկերային ցանցերուն վրայ: «Երբ «թուիթ» կ՛ընեմ, բացասական արձագանգի կ՛արժանանամ: Հանրութիւնը այս պահուս չի կրնար հայկական հարցը հասկնալ: Ցնցում կ՛ապրի», ըսած է լրագրող Էրկիւն Պապահան:

