Զուիցերիոյ Կառավարութիւնը Փերինչեքի Գործով Հայց Ներկայացուց Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի Գերագոյն Պալատին

ECHR2-18032014«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Զուիցերիոյ արդարադատութեան դաշնակցային գրասենեակէն յայտնած են, որ Զուիցերիոյ կառավարութիւնը 17 մարտին հայց ներկայացուցած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին` «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործը Գերագոյն պալատին փոխանցելու խնդրանքով:

Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի իրաւասու պալատի 17 դեկտեմբեր 2013-ի դատավճիռը, ըստ որուն, զուիցերիական դատարանները խախտած են Փերինչեքի խօսքի ազատութեան իրաւունքը, վերջնական չի նկատուիր: Եւրոպական ուխտի 43-րդ եւ 44-րդ յօդուածներուն համաձայն, երեք ամսուան ընթացքին կողմերը կրնան պահանջել, որ գործը վերատեսութեան ենթարկուի Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի Գերագոյն պալատին կողմէ: Նման պահանջի պարագային հինգ դատաւորներու յանձնախումբը կ՛որոշէ, թէ արդեօ՞ք գործը հետագայ քննութեան կարիք ունի՞, թէ՞ ոչ: Եւ միայն դատաւորներու դրական գնահատականէն ետք Գլխաւոր պալատը կը քննէ գործը եւ կը կայացնէ վերջնական դատավճիռը:

Եթէ բողոքարկման հայցը մերժուի, ապա դատարանի որոշումը կը դառնայ վերջնական եւ կը փոխանցուի Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէին` անոր գործադրութեան վերահսկելու համար:

Զուիցերիոյ արդարադատութեան դաշնակցային գրասենեակի հաղորդակցութեան բաժինի աշխատակից Ֆոլքօ Կալի բացատրած է, որ սովորաբար քանի մը ամիս կը տեւէ, մինչեւ որ հինգ դատաւորներու յանձնախումբը որոշում տայ:

 

Share this Article
CATEGORIES