ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՄՇԱԿԵԼՈՒ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔ ՄԸ

Նախագահ Սլէյման եւ Էրիթրիոյ ուժանիւթի հարցերու նախարարը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ստացաւ Էրիթրիոյ նախագահ Ասիաս Աֆուրքիէն նամակ մը` ձեռամբ Էրիթրիոյ ուժանիւթի հարցերու նախարար Ահմետ Հաժ Ալիի:

Էրիթրիոյ նախագահը իր յղած նամակով Լիբանանի օժանդակութիւնը պահանջեց` 2009-էն ի վեր Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ իրենց երկրին վրայ պարտադրուած  արգիլեալ գօտին վերացնելու:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան պիտի զօրակցի իրաւունքին. ան թելադրեց Հաժ Ալիի իր ողջոյնները փոխանցել նախագահ Աֆուրքիին:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատին եւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին, որոնց հետ քննարկեց նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ: Քննարկուեցան Պաալպեք-Հըրմելի կարիքները:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց Քամալ Շաթիլան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները,  ինչպէս նաեւ ընտրական արդիական օրէնք մը մշակելու կարեւորութիւնը` հիմնուելով համամասնական դրութեան վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES