Ոտքի Խնամք Եւ Ոտքի Առողջապահութիւն

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Մարդ արարածը պէտք ունի իր ոտքերուն, որպէսզի կարենայ կանգնիլ, քալել, վազել, ցատկել, պարել եւ վարել իր ամէնօրեայ կեանքը` դիւրութեամբ եւ հանգստօրէն: Այս բոլորը կ՛իրականանան` շնորհիւ ոտքերու մկաններուն եւ անոնց բնականոն գործելակերպին ու առողջութեան:

Մեր ոտքերը մեր մարմինին յենարաններն են: Ոտքերը եւ անոնց մկանները կը մնան առողջ եւ կը գործեն բնականօրէն, երբ կը մատակարարուին մնայուն եւ չափաւոր քանակութեամբ սնունդով եւ ուժանիւթով, ինչպէս նաեւ կը ձերբազատին իրենց մէջ արտադրուած աւելորդ եւ վնասակար թափօններէն: Մկաններուն սնունդը եւ ուժանիւթը կը հայթայթուի թթուածինով հարուստ զարկերակային արիւնով, իսկ աւելորդ թափօնները կը փոխադրուին երակային արիւնով` մկաններէն դէպի թոքեր, ուր տեղի կ՛ունենայ անոնց մաքրագործումը: Այս աշխատանքը` սիրտէն դէպի մկաններ եւ մկաններէն դէպի թոքեր, կ՛ամբողջանայ արեան ազատ շրջագայութեամբ եւ հիմնականօրէն սրունքներու եւ ոտքերու առողջ անօթային զարկերակներու եւ երակներու ցանցով մը: Այս անօթային ցանցը եւ արեան շրջագայութիւնը կը կոչենք անօթային ծայրամասային ցանց (vascular peripheral system) եւ արեան ծայրամասային շրջագայութիւն (blood peripheral circulation):

Ծայրամասային եւ կամ ոտքերու արեան տկար ու անբնական շրջագայութիւն տեղի կ՛ունենայ ծայրամասային անօթներու տկար եւ անբնական վիճակին պատճառով. այս մէկը կը յառաջանայ զանազան ազդակներով`

1.- Զարկերակային գերճնշում, ծխախոտի երկարատեւ գործածութիւն եւ շաքարախտ, որոնք կը յառաջացնեն զարկերակներու կարծրացում, պնդերակութիւն եւ առաձգականութեան կորուստ:

2.- Արեան քոլեսթերոլի, ցած ճարպաբնասպիտներու (LDL) եւ թրիկլիսերայտի բարձրացում, ինչպէս նաեւ` բարձր ճարպաբնասպիտի նուազում (HDL), որոնք կը յառաջացնեն ճարպային նիւթերու կուտակում զարկերակներու պատերուն վրայ եւ զարկերակներու մասնակի եւ կամ ամբողջական խցում:

Այս երկու ազդակներով յառաջացած արեան տկար շրջագայութեամբ պէտք եղած սնունդը եւ թթուածինով հարուստ արիւնը չի մատակարարուիր ոտքերու մկաններուն, ջիղերուն եւ մորթին, ու կը տեսնուին զանազան հիւանդագին երեւոյթներ:

3.- Երակներու թուլացում, որ կը պատահի յղութեան շրջանին, իգական սեռի ներազդակ estrogen-ի բարձրացումով, տարիքի յառաջացումով, երկար ժամանակ ոտքի մնալով եւ անորոշ պատճառներով:

4.- Երակներու մասնակի եւ կամ ամբողջական խցում, որ տեղի կ՛ունենայ արեան մէջ շրջագայող ճարպային խիցքերով (clots):

Երակներու թուլացումով եւ կամ խցումով, արեան շիճուկը կը խուժէ երակներէ դուրս եւ կը կուտակուի ոտքի զանազան մասերուն մէջ` յառաջացնելով ոտքի ջրակուտակում (edema):

Տկար եւ անբնական արեան շրջագայութեամբ ոտքի մկանները, ջիղերը եւ մորթը կը կորսնցնեն իրենց բնական վիճակը եւ կարողականութիւնը, որոնք առաւել եւս կը բարդանան շաքարախտի գոյութեամբ: Շաքարախտը կը հարուածէ ոտքի ջիղերը` յառաջացնելով ոտքի մորթի զգայնութեան տկարացում եւ կամ ամբողջական կորուստ. շաքարախտը նաեւ պատճառ կը դառնայ ոտքի բորբոքումներու ուշ սպիացումին եւ խոցերու ստեղծման:

Այս բոլորին իբրեւ հետեւանք` ոտքը կ՛ունենայ զանազան անբնական  երեւոյթներ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են.

1.- Զգայնութեան տկարացում եւ կամ ամբողջական կորուստ, որ կրնայ պատճառ դառնալ մորթային զանազան աստիճանի այրուածքներու.

2.- Մորթի զանազան տեսակի բորբոքումներ եւ խոցեր.

3.- Ուշ բուժուող եւ չսպիացող մորթային վէրքեր.

4.- Մնայուն եւ կամ ժամանակաւոր ցաւ հանգիստի եւ կամ քալելու ընթացքին.

5.- Պաղութիւն եւ մսկոտութիւն.

6.- Գոյնի փոփոխութիւն` տժգունութիւն եւ կապտախտ.

7.- Ուռած վիճակ` ջրակուտակում.

8.- Մորթի անբնական կարծրութիւն, չորութիւն եւ ճեղքրտուք.

9.- Քալելու եւ երկար ժամանակ ոտքի կանգնելու դժուարութիւն.

10.- Մատներու եղունգներու անբնական տեսք.

Ծայրամասային եւ կամ ոտքերու արեան տկար ու անբնական շրջագայութիւնը կը հակակշռուի դարմանելով անոր հիմնական ախտապատճառները, այսինքն` հիմնականօրէն դարմանելով զարկերակային գերճնշումը, շաքարախտը եւ արեան բարձր քոլեսթերոլն ու ցած ճարպաբնասպիտը, ինչպէս նաեւ` հրաժարելով ծխախոտէն:

Ծայրամասային եւ կամ ոտքերու արեան տկար ու անբնական շրջագայութիւն ունեցող անհատներ պէտք է գործադրեն հետեւեալ ցուցմունքները.

1.- Լուալ ոտքերը ամէն օր մաքուր ու գաղջ ջուրով եւ օճառով. տաք ջուր չգործածել. լուալէ ետք զգուշութեամբ լաւ մը չորցնել ոտքերը` առանց ճնշում բանեցնելու: Մաքուր պահելով ոտքերը` արգելք կը հանդիսանանք ոտքի բորբոքումներու յառաջացման, մանաւանդ` շաքարախտաւորներու մօտ.

2.- Քննել ոտքերը ամէն օր լուսաւոր վայրի մը մէջ. վստահ ըլլալ, որ մորթի չորութիւն, կարծրութիւն, ճեղքրտուք, բշտիկներ եւ գոյնի փոփոխութիւն չկան.

3.- Ուշադրութեամբ եւ օրինաւոր կերպով կտրել ոտքի եղունգները, որպէսզի վէրքեր չյառաջանան.

4.- Գործածել հանգստաւէտ կօշիկներ եւ գուլպաներ, որպէսզի ճնշում չբանեցուի ոտքերուն վրայ: Կօշիկին կրունկը պէտք է ըլլայ հաստատուն-զօրաւոր, իսկ երեսը` փափուկ, որպէսզի ոտքը լաւ պաշտպանուի.

5.- Չգործածել բարձր կրունկով եւ սրածայր կօշիկներ.

6.- Կօշիկը չհագած` վստահ ըլլալ, որ կօշիկին մէջ կարծր օտար մարմին մը չկայ.

7.- Հետեւիլ ամէնօրեայ մարզանքի, որովհետեւ արեան շրջագայութիւնը կ՛աշխուժանայ մարզանքով. մարզանքը կը յաղթահարէ արեան տկար շրջագայութիւնը.

8.- Լաւագոյն մարզանքը քալելն է, սակայն` հարթ եւ ուղիղ ճամբաներու վրայ.

9.- Քալելու միջոցին կանգ առնել, երբ ոտքի ցաւ պատահի.

10.- Չքալել, երբ ոտքի վրայ կան բաց վէրքեր եւ խոցեր, ինչպէս նաեւ երբ ոտքը կապտած է.

11.- Ջրակուտակումի պարագային, պահել ոտքերը բարձր եւ երկար ժամանակ չքալել.

12.- Նստած վիճակով սրունքները իրարու վրայ չդնել.

13.- Տան մէջ բոպիկ չքալել, այլ` մուճակ գործածել շարունակ.

14.- Հետեւիլ առողջ սննդականոնի.

ա.- Սնանիլ առաւելաբար հաւով, ձուկով, առատ բնասպիտով, կանաչեղէններով, պտուղներով, ընդեղէններով, ցորենի հացով եւ առատ մաքուր ջուրով.

բ.- Նուազագոյնի իջեցնել ճարպի, հաւկիթի, իւղոտ կաթի եւ պանիրի, շաքարեղէնի, ալքոլի, սիկարեթի եւ առատ շաքար պարունակող զովացուցիչ հեղուկներու գործածութիւնը.

գ.- Չգիրնալ, իսկ գիրութեան պարագային` անպայման նիհարնալ.

15.- Բժիշկին դիմել, երբ ոտքերու վրայ անբնական երեւոյթներ կը յայտնաբերուին.

16.- Ուշադրութեամբ հետեւիլ բժշկական բոլոր թելադրութիւններուն.

17.- Խնամել ոտքի վէրքերը` համաձայն բժշկական թելադրութիւններուն.

18.- Ունենալ տարեկան օրինաւոր եւ հերթական բժշկական այցելութիւն.

19.- Շաքարախտաւորը ուշադիր պէտք է ըլլայ նաեւ հետեւեալ թելադրութիւններուն, որպէսզի չվնասուի շաքարախտի պատճառով տաքի եւ պաղի իր ունեցած անզգայնութենէն.

ա.- Երկար ժամեր չմնալ արեւու ճառագայթներու ազդեցութեան տակ, այլ` խուսափիլ անկէ եւ մնալ շուք տեղ.

բ.- Լոգանքի պարագային, վստահ ըլլալ, որ ջուրը շատ տաք չէ.

գ.- Տաք հեղուկ եւ կամ որեւէ տաք առարկայ չդնել ոտքին վրայ.

դ.- Ձմրան եղանակին գործածել պաշտպանող եւ տաքուկ կօշիկներ ու գուլպաներ.

ե.- Ձմրան եղանակին հետեւիլ օդերեւութաբանական յայտարարութիւններուն` խուսափելու համար ցուրտէն եւ ձիւնէն:

 

Մոնրէալ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )