Սուրիոյ Բանակը Իր Վերահսկողութեան Տակ Առաւ Հոսնի Բերդը

Հոսնի Բերդը

Հոսնի Բերդը

Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը իր վերահսկողութեան տակ առաւ Հոմսի արեւմուտքը գտնուող Հոսնի բերդը, այդպիսով վերջ տալով շրջանին վրայ զինեալ ընդդիմութեան երկամեայ վերահսկողութեան:

Ըստ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին, այդ դիրքէն հեռացած զինեալներուն մեծամասնութիւնը Ժունտ Շամի անդամ լիբանանցիներ են:

Սուրիական բանակը ձերբակալեց շարք մը զինեալներ: Վայրին մէջ գտնուող զինեալներ, ներառեալ` վիրաւորներ յաջողեցան փախուստ տալ եւ մուտք գործել Լիբանանի Ուատի Խալետ շրջանը, իսկ ուրիշներ ինկան սուրիական բանակին լարած թակարդներուն մէջ: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, սպաննուած են 40 զինեալներ, որոնց շարքին Ժունտ Շամի ամիրը` Ապու Սուլէյման Տանտաշի, որ լիբանանցի մըն է:

Զինուորական աղբիւրներ «Մայատին»-ին յայտնած են, որ միայն Հոսն գիւղին մէջ 250-300 զինեալներ կային:

Հոսնի բերդը զինեալ ընդդիմութեան Հոմսի արուարձաններուն արեւմուտքը գտնուող վերջին դիրքն էր եւ կը վերահսկէր Ուատի Նասարայի ու Հոմսի մէջ գտնուող լայն տարածքներու:

Փսաքի. «Իսրայէլ Ինքզինք Պաշտպանելու Իրաւունքը Ունի»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի` մեկնաբանելով Իսրայէլի կողմէ Կոլանի մէջ սուրիական բանակի դիրքերու ռմբակոծումը, յայտնեց. «Իսրայէլ ինքզինք պաշտպանելու իրաւունք ունի»:

Ան ըսաւ. «Կը շարունակենք սուրիական վարչակարգին կոչ ուղղել Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի դրութիւնը վտանգող որեւէ քայլ չառնելու, ինչպէս նաեւ երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք ուժերու սահմանագծման 1974-ի համաձայնութեան յանձնառու մնալու»:

 

Share this Article
CATEGORIES