50 Տարի Առաջ (22 Մարտ 1964)
Ծաղկազարդի Տօնը Պէյրութի Մէջ
Վեհափառ Հայրապետը
Սրտազեղ Ընդունելութեան Կ՛Արժանանայ
Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ
Երէկ` կիրակի, 22 մարտ 1964, Ծաղկազարդի տօնը հանդիսաւոր արարողութիւններով տօնակատարուեցաւ բոլոր եկեղեցիներու մէջ:
Խուռներամ բազմութեամբ հաւատացեալներ ներկայ եղան: Մանաւանդ փոքրիկներ, որոնց տօնն է Ծաղկազարդը, շքեղօրէն զգեստաւորուած, մոմ ի ձեռին, ամէն տեղ էին, եկեղեցիներու մէջ, բակերը եւ փողոցները:
Տօնական այս առթիւ, լիբանանահայ բարեջան առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի հրաւէրով Խորէն Ա. կաթողիկոս իր հովուապետական անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Ս. Նշան մայր եկեղեցի:
Ինքնաշարժներու թափօրով, վեհափառը, ընկերակցութեամբ գաւազանակիր Պետրոս աբեղային, Անթիլիասէն առաջնորդուեցաւ Ս. Նշան:
Բակի մուտքին Եկեղեցասէր տիկնանց միութեան կողմէ ոչխար մը զենուեցաւ: Ոստիկանական ջոկատ մը եւ ՀՄԸՄ սկաուտներ զինուորական պատիւներով յարգեցին վեհին անցքը:
Վեց շղթաներով գեղեցիկ կամար մը կանգնեցուած էր բակի սկիզբէն մինչեւ եկեղեցւոյ մուտքը` ձիթենեաց եւ արմաւենիի ճիւղերով եւ լիբանանեան դրօշակներով զարդարուած:
Պատարագիչն էր Սուրէն վրդ. Գաթարոյեան: Ս. պատարագը սքանչելիօրէն երգուեցաւ Եկմալեան քառաձայն եղանակով, եկեղեցւոյ դպրաց դասին կողմէ, ղեկավարութեամբ դպրապետ Վարդան Սերայտարեանի:
Վեհափառը շնորհակալութիւն յայտնեց այն սրտազեղ ընդունելութեան համար, որ կատարեց իր թեմի ժողովուրդը եւ օրուան պատգամով օրհնեց հաւատացեալները:
Յաւարտ Ս. պատարագի, առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ աջահամբոյր:
Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպիսկոպոս:
Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Մաշտոց վրդ. Յովսէփեան:
Կէսօրէ ետք, Դռնբացէքի արարողութիւններուն բոլոր եկեղեցիներու մէջ հաւատացեալներ դարձեալ ներկայ եղան հոծ բազմութեամբ:
Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ արարողութեանց նախագահեց վեհափառ հայրապետը: Քարոզեց Գարեգին եպիսկոպոս:
Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ արարողութեանց նախագահեց եւ քարոզեց առաջնորդ սրբազանը:
Օրուան խորհուրդը պատգամող քարոզներ խօսուեցան նաեւ միւս եկեղեցիներու մէջ:

