Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Մուշեղ Իշխանի Քերթուածներուն Միջդպրոցական Արտասանական Մրցանք

hamaz-21032014Մուշեղ Իշխանի ծննդեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 21 մարտ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մուշեղ Իշխանի քերթուածներու միջդպրոցական արտասանական մրցանք մը: Մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայկական երկրորդական վարժարաններու աշակերտներ: Շրջանային վարչութեան անունով մրցանքին բացման խօսքը արտասանեց Սարգիս Կիրակոսեան, որ կարեւոր նկատեց Մուշեղ Իշխանի միտքերուն եւ քերթուածներուն ունեցած ազդեցութիւնը մեր ժողովուրդին եւ մանաւանդ երիտասարդութեան վրայ` ընդգծելով Մուշեղ Իշխանի անձին եւ անոր հոգեկան աշխարհին առանձնայատկութիւնը: Կիրակոսեան ներկայացուց դատական կազմը, որ կը բաղկանար ասմունքող Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանէ, բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանէ, բեմադրիչ Կարէն Խաչատրեանէ եւ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանէ: Ապա մասնակից աշակերտները հերթաբար ներկայացուցին Մուշեղ Իշխանի քերթուածներէն կտորներ. այսպէս` Զարեհեան դպրեվանքէն Նուպար Փամփալեան ներկայացուց «Ես Մասիսը չտեսայ», Մկրտիչ Քիւրիւմեան բեմականացած ձեւով ներկայացուց «Կիլիկիոյ Արքան», Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն Վանա Ճենանեան եւ Արի Կարպուշեան միասնաբար ներկայացուցին հատուածներ «Ողջոյն քեզ կեանք», «Կտակ»-ը եւ այլ քերթուածներ, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանէն Սեւակ Բարիքեան ներկայացուց «Մեր տունը» եւ Թամար Պաղտիքեան ներկայացուց «Մայր իմ խելագար», Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանէն Վարանդ Տումանեան ներկայացուց «Կը կոչուինք մարդ» եւ Գառնի Քենտիրճեան ներկայացուց «Կեանքի օրեր», Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն Սթեֆանի Պալթայեան ներկայացուց «Կը կոչուինք մարդ» եւ Մանուելլա Օհաննէսեան` «Կտակ»-ը, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարանէն Մարիանա Ղուկասեան ներկայացուց «Աշխարհի ցաւով» եւ Սապին Շաթոյեան` «Հայ մամիկին աղօթքը», Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն Մինաս Ադամեան ներկայացուց «Հայ մամիկին աղօթքը» եւ Տիգրան Քէօշկերեան` «Ես Մասիսը չտեսայ», Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանէն Լիւսի Գրուզեան ներկայացուց «Յիշեցէք զիս» եւ Նաթալի Գերխաչերեան` «Հայ մամիկին աղօթքը», Հայ կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան-Ս. Խաչ վարժարանէն Սելին Տէր Փիլիպոսեան ներկայացուց «Մեր տունը» եւ Սերլա Քանթարճեան` «Կը կոչուինք մարդ»:

Աւարտին դատական կազմի գնահատանքը ստանալէ անկախ մասնակիցները նուէրներ ստացան, տրամադրուած` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրատարակչատունէն, Համազգայինի գրատարածէն, ինչպէս նաեւ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղը տրամադրեց Մուշեղ Իշխանի քերթուածներու հաւաքածոն: Դատական կազմի արժեւորումով յատուկ յիշատակութեան արժանացաւ Հայ կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան-Ս. Խաչ վարժարանէն Փերլա Քանթարճեան, երրորդ դիրքը գրաւեց Վարանդ Տումանեան` Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանէն, երկրորդ դիրքը գրաւեց Նաթալի Գերխաչերեան` Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճէն, իսկ առաջին հանդիսացաւ Մկրտիչ Քիւրիւմեան` Զարեհեան դպրեվանքէն. վերջինս ստացաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ տրամադրուած յուշանուէր մը: Նշենք, որ Մուշեղ Իշխանի յիշատակի երեկոն տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 27 մարտ 2014-ին, Համազգայինի «Լեւոն եւ Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES