Անդրադարձ. Թոյլ Շանթաժ Մը Եւ Վտանգաւոր Առաջարկ Մը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Խրիմի մէջ 16 մարտին տեղի ունեցած ինքնորոշման հանրաքուէէն եւ Ռուսիոյ հետ համապատասխան համաձայնագիրի ստորագրութեան լոյսին տակ հայկական քաղաքական ու տեղեկատուական դաշտին մէջ քննարկումի նիւթ դարձաւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման համար տարազ մը, ըստ որուն, Արցախը պէտք է կցուի Ռուսիոյ:
Անհասկնալի կը մնայ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ինչո՞ւ պէտք է հրաժարի իր 23-ամեայ անկախութենէն, որուն ապահովման համար սուղ գին վճարուած է եւ որուն պահպանման ու ամրագրման համար բազում ջանքեր կը թափուին: Արցախը ազրպէյճանական լուծը չթօթափեց, որպէսզի այլ լուծի մը տակ մտնէ: Գոյութիւն ունի անկախութենէն հրաժարելու միայն մէկ տարբերակ` վերամիացում Հայաստանի Հանրապետութեան հետ:
Յաճախ կը նշուի, թէ մեր ժողովուրդը աւանդաբար ռուսամէտ է, սակայն ռուսամէտութիւնն ու ռուսասիրութիւնն ալ իրենց չափն ու սահմանը ունին: Եթէ այդ թեզի շրջանառութեան մէջ դրուելու նպատակը պարզապէս Ազրպէյճանն ու այլ կողմեր շանթաժի ենթարկելն է, ապա դժուար թէ իր նպատակին հասնի` նկատի ունենալով անոր թուլութիւնն ու առաջարկին աղբիւրները, որոնք շանթաժը ոչ համոզիչ կը դարձնեն:
Ի տարբերութիւն վերոնշեալին` գոյութիւն ունի լուրջ առաջարկ մը, որ մեզի համար մտահոգիչ կրնայ դառնալ, եթէ որդեգրուի, եւ խիստ վտանգաւոր, եթէ կիրարկուի: Աւստրիոյ վարչապետ Վեռներ Ֆայման 21 մարտին «Քուրիյիր» թերթին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցի մը ընթացքին արտայայտեց այն կարծիքը, թէ Ուքրանիան պէտք է դառնայ դաշնակցային պետութիւն` չեզոք ռազմաքաղաքական կարգավիճակով: Ինչ որ շատ նման է ազրպէյճանական այն առաջարկին, ըստ որուն, Ղարաբաղին բարձրագոյն մակարդակի ինքնավարութիւն կը տրուի` Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Աւստրիոյ վարչապետը Ուքրանիոյ ապագայ կարգավիճակին վերաբերեալ իր առաջարկը ներկայացուցած է 20 մարտին` Պրիւքսէլի մէջ իր եւրոպացի գործընկերներուն հետ հանդիպումին ժամանակ եւ Վիեննան առաջարկած իբրեւ հարցի շուրջ բանակցութիւններու հարթակ:
Կը մնայ տեսնել, թէ այս լուրջ առաջարկը ինչպիսի՞ ընդունելութիւն պիտի գտնէ արեւմուտքցի գործընկերներու եւ հակառակորդ կողմին մօտ:

