Արամ Ա. Կաթողիկոս Ցաւակցութիւն Կը Յայտնէ Զագգա Պատրիարքին Վախճանման Առիթով

ZakkaՈւրբաթ, 21 մարտ 2014-ի առաւօտուն Գերմանիոյ մէջ վախճանեցաւ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Զագգա Գ. պատրիարքը: Արամ Ա. կաթողիկոս անմիջապէս կապի մէջ մտաւ նոյն եկեղեցւոյ Սինոտի ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Սալիպա արքեպիսկոպոսին հետ եւ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց անոր եւ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ:

Պատրիարքին թաղումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օրերուն` Դամասկոսի մէջ: Հին դարերէն սկսեալ սերտ յարաբերութիւն միշտ եղած է հայ եւ ասորի եկեղեցիներուն միջեւ: Վեհափառ հայրապետը մօտէն ծանօթ եղած է Զագգա պատրիարքին եւ սերտ գործակցութիւնը միշտ գոյութիւն ունեցած է ասորի եկեղեցւոյ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ:

 

Share this Article
CATEGORIES