«Եթէ Այս Ժողովուրդին Ծառայելը Սեւամորթ Ըլլալ Կը Նշանակէ, Ապա Այո՛, Ես Սեւամորթ Եմ» Կ՛ըսէ Էրտողան
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Այտըն նահանգին մէջ նախընտրական ելոյթ ունեցած է:
Թրքական «Փոսթա» կայքը կը հաղորդէ, որ Էրտողան ինքզինք համեմատած է Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ատնան Մենտերեսի հետ, որ անոր դէմ կատարուած զինուորական յեղաշրջումէն ետք մահապատիժի ենթարկուած էր:
«Այն ժամանակ Մենտերեսին բռնապետ կ՛ըսէին, այժմ` ինծի: Այն ժամանակ Մենտերեսին անկախութեան թշնամի կ՛ըսէին, այժմ իմ մասիս կ՛ըսեն: Այն ժամանակ Մենտերեսին կ՛ըսէին, որ երիտասարդներ կը սպաննէ, այժմ ինծի կ՛ըսեն», ըսած է Էրտողան:
Ան անդրադարձած է նաեւ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամներուն:
«Անոնք իրենք զիրենք «սպիտակ թուրքեր» կը նկատեն, իսկ մեզ` սեւամորթներ: Ես կ՛ընդունիմ ատիկա: Եթէ այս ժողովուրդին ծառայելը սեւամորթ ըլլալ կը նշանակէ, ապա այո՛, ես սեւամորթ եմ», ըսած է ան:

