Անդրադարձ. Խրիմի Հարցով Իշխանութիւն-Ընդդիմութիւն Երկխօսութեան Հրամայականը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Հայաստան կ՛ենթարկուի Խրիմի` Ռուսիոյ կցումին հարցով երկու հակադիր ճնշումներու: Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ դեսպաններուն Խրիմի հարցով Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ բանեցուցած ճնշումը փորձ մըն է հակակշռելու այդ նոյն հարցով Ռուսիոյ բանեցուցած ճնշումը, որովհետեւ արեւմտեան երկիրները 3 սեպտեմբերի նախադէպին լոյսին տակ քաջ գիտեն, որ Հայաստան այդ առումով խոցելի է:
Այս ծիրին մէջ կարելի է դիտել նաեւ Քիեւի իշխանութիւններուն Հայաստանին բողոքագիր յղելու եւ կեցուածքի յստակացում պահանջելու քայլերը: Սակայն Ուքրանիոյ դեսպանը տուն կանչելու քայլը շուտիկութիւն մըն էր եւ պէտք էր վերապահուէր իբրեւ վերջին ընտրանք: Ուքրանիոյ համար աւելի շահաւէտ պիտի ըլլար Երեւանի մէջ ներկայութիւնը դեսպանին, որ տեղւոյն իշխանութիւններուն մօտ աշխատանք կրնար տանիլ Խրիմի կցման ճանաչումը կանխարգիլելու համար:
Պարզ է, որ Հայաստանի համար Խրիմի բնակչութեան կամ աշխարհի վրայ որեւէ այլ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը չի կրնար վիճելի հարց մը ըլլալ, այնքան ատեն որ գոյութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի հարցը: Այս կէտը պէտք է հասկնալի ըլլայ բոլորին:
Հայ-ուքրանական յարաբերութեանց նկատմամբ նախանձախնդրութիւնն էր, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանը մղեց անձամբ եւ հրապարակաւ պատասխանելու «Փարաջանով» շարժանկարի ուքրանացի համաբեմադրիչ Ելենա Ֆետիսովայի իրեն ուղղուած բաց նամակին, որուն մէջ ուքրանուհին պոյքոթ յայտարարած էր շարժանկարին շնորհուելիք Հայաստանի պետական մրցանակին դէմ` Խրիմի հանրաքուէին հարցով Երեւանի քաղաքական դիրքորոշումին պատճառով: Նախագահ Սարգսեան դիպուկ կերպով այն համոզումը յայտնեց, որ «ժամանակի եւ իրադարձութիւններու թոհուբոհին մէջ տարբեր երեւոյթներ կ՛ունենան տարբեր ընկալումներ, սակայն (…) ժամանակի ընթացքին ամէն ինչ կը յստակացուի, տարբեր ըմբռնումներ կը վերանան, եւ ամէն ինչ կ՛իյնայ իր տեղը»: Քիեւի իշխանութիւններուն մօտ տիրող գերզգայնութիւնն ու ջղագրգռութիւնը հասկնալի է: Անհրաժեշտ է սպասել, որ Քիեւի մէջ մթնոլորտը հանդարտի եւ այդտեղ տիրէ սառն տրամաբանութիւնը: Հայ-ուքրանական յարաբերութիւններու պահպանումը կարեւոր է, սակայն ատկէ շատ աւելի կարեւոր հարցեր գոյութիւն ունին:
Խրիմի` Ռուսիոյ կցումը ճանչնալը ոչ միայն պիտի վնասէ հայ-ուքրանական յարաբերութեանց, այլեւ հարուած մը եւս (հաւանաբար մահացու) պիտի հասցնէ Հայաստանի փոխլրացման արտաքին քաղաքականութեան: Հարցական է, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները մինչեւ ե՞րբ պիտի կարենան ձգձգել այդ ճանաչումը, որ առարկայական պայմաններու եւ սեպտեմբերեան նախադէպի լոյսին տակ` անխուսափելի կը թուի ըլլալ: Ուստի պէտք է այդ անխուսափելի աքթի հաւանական հետեւանքներուն մեղմացման կամ դիմակայման նախապատրաստուիլ: Այս առումով իշխանութիւն-ընդդիմութիւն երկխօսութիւնը անմիջական հրամայական մըն է:
Խրիմի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը ինքնին անոր գործնական արդիւնքին ճանաչումը կ՛ենթադրէ, սակայն այդ հարցը կրնայ աննախանձելի կացութեան մատնել Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը տէ ժիւրէ չեն ճանչցած: Վերջինիս բացակայութեան, Խրիմի` Ռուսիոյ կցման ճանաչումը իշխանութիւնները ներքաղաքական առումով աւելի խոցելի կը դարձնէ, իսկ Արցախի անկախութիւնը ճանչնալը կը նշանակէ միակողմանի կերպով վերջ տալ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման` անկէ բխող բոլոր հետեւանքներով: Այս առումով ընդդիմութիւնը պէտք է ազգային գիտակցութեամբ առաջնորդուի եւ այս հարցը ներքաղաքական պայքարին մէջ չօգտագործէ, իսկ իշխանութիւնները պէտք է անյապաղ Խրիմի հարցով ընդդիմադիր չորս ուժերուն հետ երկխօսութիւն կատարեն:

