Նշմար. Երբ «Թուիթըր»-ը Աւելի Կարեւոր Է, Քան Հազարաւոր Մարդոց Ճակատագիրը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

vaho2703Թուրքիոյ հեռահաղորդակցութեան իշխանութիւնները անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հրամանով արգիլեցին ամերիկեան «Թուիթըր» ընկերային ցանցը: ԵԱՀԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու առաքելութիւնը յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն 27 մարտին ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի նիստին ընթացքին այս հարցը պիտի արծարծէ: Թուրքիոյ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Ռիչըրտ Մուր յայտնեց.«Թուրքիոյ մէջ վերջին զարգացումները, օրինակի համար` «Թուիթըր»-ի արգիլումը, մտահոգիչ են»: ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց հարցով բարձրագոյն յանձնակատար Ռուփըրթ Քոլվիլ իր կարգին այս հարցով մտահոգութիւն յայտնեց, որ Անգարա այսպիսով կրնայ մարդկային իրաւանց միջազգային իր յանձնառութիւնները խախտել: Աւելի՛ն, Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց Աւստրիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Մոհամետ Հասանը նախարարութիւն կանչեց եւ անոր փոխանցեց Թուրքիոյ մէջ «Թուիթըր»-ի արգիլման հարցով պաշտօնական բողոքագիր մը:

Ի՜նչ նախանձախնդրութիւն:

Անդին բազմահազար հայեր ցեղասպան Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիոյ մեղսակցութեամբ տեղահան եղան իրենց հազարամեայ բնօրրանէն, կորսնցուցին իրենց ինչքերը, տունն ու տեղը, սակայն այդ մասին ոչ մէկ խօսք, քար լռութիւն: Կը թուի, թէ «վեհանձն» ու «մարդկային իրաւանց նկատմամբ նախանձախնդիր» մեծ տէրութիւնները այդ զարգացումը կը նկատեն ընդամէնը սուրիական տագնապի մեծ խաղին մէջ մանրուք մը, զոր կարելի է անտեսել յանուն «գերագոյն նպատակին»: Անոնք Թուրքիոյ կողմէ ընկերային ցանցի մը փակումը կը տեսնեն, սակայն այդ նոյն պետութեան կողմէ հազարաւոր հայերու տեղահանութիւնը` ոչ:

21-րդ դարուն, օր ցերեկով, արդի աշխարհի ամենատես աչքին առջեւ ահաբեկչական կազմակերպութեան մը կողմէ գործուեցաւ զգայացունց արարք մը, զոր չնշմարել կը ձեւանան ահաբեկչութեան դէմ պայքար յայտարարած երկիրները` մարդկային արդարութեան ջահակիրները: Աստուած հոգիդ լուսաւորէ Սիամանթօ…

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES