ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՊԵՆԶԻՆԻ եւ մազութի թիթեղին սակերը 700 լ. ոսկիի յաւելում արձանագրեցին, իսկ պիւթակազին սակը 200 լ. ոսկիի յաւելում արձանագրեց:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ շեշտեց, որ միագոյն կառավարութեան մը կազմութիւնը թակարդ մըն է, որ Լիբանանը կը մղէ դէպի յաւելեալ լարուածութիւն ու գրգռութիւն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը 150 տոլար կը վճարէ իւրաքանչիւր անհատի, որ յառաջիկայ կիրակի օր պիտի մասնակցի Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք ցոյցին:

ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար զօր. Մուսթաֆա Համտան կոչ ուղղեց բարեկարգումի ենթարկելու Լիբանանի դատական իշխանութեանց փտած համակարգը, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը վերարդարձնելու իր բնական վայրը, այսինքն` բանտ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու կարգախօսներուն պէտք է գործնական պատասխաններ տալ` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնելու ընդմէջէն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ կոչ ուղղեց յառաջիկայ կիրակի օր խուռներամ շարքերով ուղղուելու Նահատակաց հրապարակ` նշելու համար Մարտ 14-ի յեղափոխութեան 6-րդ տարեդարձը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հանի Քպէյսի շեշտեց, որ ո՛չ նախնական ամբաստանութիւնը եւ ո՛չ ալ 13 մարտը զիրենք կը հետաքրքրեն` աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութեան գարունը գեղեցիկ պիտի ըլլայ:

«ԱԽՊԱՐ ԵԱՈՒՄ» լրատու գործակալութիւնը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու մէկ պատասխանատուէն, հաղորդեց, որ նախանցեալ գիշեր հանդիպում մը տեղի ունեցած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի միջեւ:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերը կոչ ուղղեցին մասնակցելու կիրակի օրուան ձեռնարկին, որուն ընդմէջէն կոչ պիտի ուղղուի կառչած մնալու զէնք ունենալու իրաւունքը միայն պետութեան վերապահելու տեսակէտին:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժամիլ Սէյիտ կոչ ուղղեց ներքին գործոց նախարար Զիատ Պարուտին դատական հարց յարուցելու ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Ուիսամ Հասանի դէմ, որովհետեւ վերջինս կը շարունակէ պաշտպանել նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով աւագ վկայ Զուհէյր Սըտտիքը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Օմար Քարամէ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի դէմ մղուած արշաւները կարելի չէ արդարացնել` աւելցնելով, որ ոչ ոք Դիմադրութեան զէնքին դէմ է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ համախմբումը երբեք պիտի չարգելակէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կը խոստովանի, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը բազմաթիւ խոչընդոտներու դէմ յանդիման կը գտնուի:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Կը նախատեսուի, որ մօտիկ ապագային հանդիպում մը տեղի ունենայ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ զօր. Միշել Աունի միջեւ»:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պետական պատկերասփիւռի կայաններուն համաձայն, Հըզպալլա արտակարգ կերպով կը զինուի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ղասսան Ղոսըն ըսաւ, որ համադաշնակցութիւնը իր առնելիք քայլերը պիտի սերտէ նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք` աշխատաւորներուն պահանջներուն նկատմամբ ցուցաբերուած վարուելակերպին համաձայն:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան արձանագրած յապաղումը ոչ մէկ կապ ունի Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ այդ կառավարութեան մաս չկազմելուն հետ:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Սուրիա պատմութեան, կրօններու եւ պատգամներու երկիր է:

Share this Article
CATEGORIES