Հայ Դատի Աւստրալիոյ Յանձնախումբը Կառավարութենէն Կը Պահանջէ Օգնել Քեսապի Հայութեան

Հայ դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբը նամակ յղեց Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճուլի Պիշոփին` Աւստրալիոյ կառավարութենէն խնդրելով Թուրքիոյ ստիպել «անմիջապէս դադրեցնել «Քայիտա»-ի զինեալներու յարձակումները, որոնց թիրախը գլխաւորապէս հայերով բնակուած սուրիական Քեսապ աւանի խաղաղ բնակչութիւնն է»:

Վկայակոչելով Հայ դատի պաշտօնական կայքէջը` «Արմենփրես» հաղորդեց, որ կոչ ուղղուած է Աւստրալիոյ իր հեղինակութիւնը ի գործ դնել միջազգային համայնքին մէջ` յարձակումներու ալիքին վերջ տալու համար:

Աւստրալիան, իբրեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիր, բարոյական եւ իրաւական պարտաւորութիւն ունի կասեցնելու Թուրքիոյ սադրիչ գործողութիւնները եւ վերջինին ցուցաբերած աջակցութիւնը` ծայրայեղական զինեալներուն:

«Թուրքիոյ աջակցութիւնը «Քայիտա»-ի առընթեր զինեալներուն եւ յարձակումները Սուրիոյ անմեղ քաղաքացիներուն վրայ միայն կը խոչընդոտեն աւելի քան երեք տարի տագնապներու մէջ գտնուող երկրին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու միջազգային հանրութեան ջանքերուն: Թուրքիոյ գործողութիւնները 1915-1923 թուականներու հայերուն, ասորիներուն, յոյներուն նկատմամբ օսմանեան թուրքերու իրականացուցած կոտորածներու շարքը կը յիշեցնեն շրջանի եւ աշխարհի հայութեան համար», կ՛ըսուի նամակին մէջ:

«Մենք չենք կրնար ձեռնածալ նստիլ եւ թոյլ տալ պատերազմի անուան տակ բացայայտօրէն խախտելու մարդկային իրաւունքները: Աւստրալիա պէտք է կարգ մը քայլեր առնէ, իսկ Հայ դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբը կը խոստանայ ընել ամէն կարելին` պաշտպանելու համայնքի անդամներուն շահերը, որոնցմէ շատերը բարեկամներ ու հարազատներ ունին Քեսապի մէջ», ըսաւ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Ղահրամանեան:

Share this Article
CATEGORIES