Ռասմուսեն. «Օթան Պիտի Շարունակէ Դէպի Արեւելք Ընդլայնիլ»

Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն «Վելթ ամ Սոնթակ» պարբերաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած է, որ ՕԹԱՆ-ի ընդլայնման հոլովոյթը պիտի շարունակուի:
«Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու անդամակցութիւնը այս կազմակերպութեան մեր ժամանակի յաջողութեան տպաւորիչ պատմութիւնն է: Սակայն մեր խնդիրը տակաւին աւարտած չէ», ըսած է Ռասմուսեն:
Ան նշած է, որ իւրաքանչիւր եւրոպական պետութիւն, որ ընդունակ է դաշինքի հիմնական սկզբունքներուն հետեւելուն աջակցիլ եւ կրնայ իր ներդրումը ունենալ իր ազդեցութեան գօտիին մէջ անվտանգութիւնը ապահովելու հարցին մէջ, կրնայ ՕԹԱՆ-ի անդամակցելու դիմում ներկայացնել:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը ընդգծած է, որ Ուքրանիոյ հետ գործընկերային յարաբերութիւնները այսուհետեւ պարբերաբար պիտի ամրապնդուին: Ան Խրիմի մէջ Ռուսիոյ գործողութիւնները նկատած է «միջազգային իրաւունքի, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ գերակայութեան խախտում»: