Փարիզի Մէջ Ուքրանիոյ Շուրջ Լաւրով¬Քերրի Բանակցութիւններ
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ Ուքրանիոյ շուրջ Փարիզի մէջ բանակցութիւններու ձեռնարկեցին:
Հանդիպումը աճապարանքով կազմակերպուեցաւ ուրբաթ օր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նախաձեռնութեամբ նախագահ Պարաք Օպամայի հետ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք:
Նախքան հանդիպումը, Լաւրով առաջարկեց Ուքրանիան վերածել չէզոք եւ դաշնակցային պետութեան մը, առաջարկ մը, որ Քիեւ «ամբողջական անձնատուութիւն» կոչեց:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներ երէկ Եւրոպայի մէջ ՕԹԱՆ¬ի ուժերու հրամանատար զօր. Ֆիլիփ Պրիտլաւին հրամայեցին նախատեսուածէն կանուխ Ուաշինկթըն վերադառնալ:
CATEGORIES Միջազգային

