Սէյիտ Նասրալլա Կոչ Կ՛ուղղէ Կանխահաս Նախագահական Ընտրութեան

Սէյիտ Նասրալլա

Սէյիտ Նասրալլա

Այնաթայի մէջ Հըզպալլայի կողմէ կազմակերպուած Ժապալ Ամելի գրական եւ մշակութային խորհրդաժողովին բացման արարողութեան առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ լիբանանեան եւ սուրիական իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան ներկայացուցած ուժին եւ կարեւորութեան:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ Դիմադրութիւնը ոմանց մօտ հիմնական հարց է. ան ըսաւ, որ կարգ մը բանավէճերու պարագային նշեալ կողմերը մեզի կ՛ըսեն, թէ Դիմադրութիւնը ձախողած է իր շուրջ ապահովել լիբանանեան ազգային համախոհութիւնը: «Սակայն պէտք է յստակօրէն շեշտել, որ Դիմադրութեան շուրջ օր մը օրանց լիբանանեան համախոհութիւն չէ եղած: Հետեւաբար հարց կու տանք, որ Լիբանանի որդեգրած եռեակ տարազը ո՞ւր ձախողած է: Այդ տարազը յաջողած է ազատագրել Լիբանանը, երբ ամբողջ աշխարհը եւ դիւանագիտութիւնը ձախողած են այդ իմաստով: Եռեակ տարազը Լիբանանի իրականութեան մէջ երկիրը կը ներկայացնէ իբրեւ հզօր պետութիւն` շրջանային առումով, այսինքն` երբ շրջանին մասին մտածեն մարդիկ, չեն կրնար Լիբանանը անտեսել, որովհետեւ Լիբանանի մէջ ոսկի կայ` նախքան բնական կազին եւ քարիւղին գոյութիւնը: Հետեւաբար եռեակ տարազը Լիբանանի համար միայն նուաճումներ իրագործած է, իսկ եթէ սիոնական գոյացութիւնը մտածէ Լիբանանի դէմ յարձակում մը սանձազերծելու մասին, ապա Դիմադրութիւնը խիստ հակահարուածով մը պիտի կասեցնէ զայն», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Ան աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող ոսկին ոսկի պիտի մնայ: «Անշուշտ այս ոսկիին մասին այլոց կատարած անճիշդ վերագրումները ոչինչ կը փոխեն անոր արժէքէն կամ ճշմարտութենէն: Լիբանանի համար այսօրուան իսկական երաշխիքը ոսկին է, իսկ Լիբանանի մէջ կայ այնպիսի ոսկի մը, որ ամբողջ աշխարհին մէջ գոյութիւն չունի: Ինչպէ՞ս մարդիկ իրենք իրենց կ՛արտօնեն այդ ոսկիին իմաստով տեղի տալու: Իսկ փայտը, ապա լիբանանցիները զայն օգտագործեցին ուղղահայեաց կերպով Լիբանան մուտք գործող իսրայէլացի սպաներուն եւ զինուորներուն դագաղները պատրաստելու եւ զանոնք հորիզոնական կերպով Իսրայէլ վերադարձնելու համար: Անշուշտ այդ փայտերը մնայուն կերպով գոյութիւն պիտի ունենան` Լիբանան ներխուժել փորձող իւրաքանչիւր զինուորի կամ սպայի դագաղը պատրաստելու», ընդգծեց ան:

Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ հոն գտնուող զինեալ խմբաւորումները ֆինանսաւորելէ եւ զինելէ երեք տարի ետք ոմանք եկած են իրենց իսկ զինած խմբաւորումներն ու կազմակերպութիւնները զետեղելու ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ:

«Դժբախտաբար Լիբանանի մէջ ոմանք տակաւին չեն բացայայտած, թէ Սուրիոյ մէջ պատահածը Լիբանանի դէմ ուղղակի սպառնալիք է: Անոնք կ՛ըսեն, որ Լիբանանի մէջ հարցը այն է, որ Հըզպալլա Սուրիոյ կռիւներուն կը մասնակցի, իսկ մենք կը հաստատենք, որ հարցը այն է, որ Հըզպալլան ուշացաւ այդ կռիւներուն մասնակցելու, իսկ դուք կը մերժէք Սուրիա երթալ ու պատերազմիլ», աւելցուց ան:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ եթէ Սուրիոյ մէջ հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը յաղթէ, Լիբանանի մէջ բոլորը` Մարտ 14-ի եւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը, պիտի ջնջուին:

Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւններ կատարելու մասին սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ իրենք ոչ միայն կը զօրակցին այդ ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու, այլեւ` կոչ կ՛ուղղեն կանխահաս նախագահական ընտրութիւն կատարելու:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )